Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան վարչական համալիրին մէջ 30 Հոկտեմբերին տեղի ունեցած է պաշտպանութեան նախարարին կից անձնակազմի հերթական նիստը՝ յատկացուած Հայաստանի պաշտպանութեան ռազմավարական վերանայման արդիւնքներու հիման վրայ Հայաստանի զինուած ուժե րու զարգացման 2016–2020 թուականներու շրջափուլի նախապատրաստական աշխատանքներուն, զարգացման ծրագիրի հիմնական ուղղութիւններու քննարկման:
Հայկական երկու հանրապետութիւններու զինուած ուժերու փոխ-գործակցութեան եւ գործողութիւններու համադրման ծիրին մէջ նիստին մասնակցած են Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանութեան բանակի հրամանատարական կազմի ներկայացուցիչները:
Ողջունելով նիստին մասնակիցները՝ պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան Հայաստանի պաշտպանութեան եւ ապահովութեան համակարգի հեռանկարային զարգացման առումով կարեւոր նկատած է պաշտպանութեան արդէն երկրորդ ռազմավարական վերանայման գործընթացի անհրաժեշտութիւնն ու արդիականութիւնը: «Գործընթաց, որի վերջնանպատակն է ապահովել Հայաստանի զինուած ուժերի երկարաժամկէտ եւ կայուն զարգացումը, ընդլայնել զինուած ուժերի մարտական կարողութիւնները», նշած է ան: Նիստի ընթացքին անդրադարձ կատարուած է զինուած ուժերու զարգացման ծրագիրի կատարման ընթացքին, ռազմավարական վերանայման իւրաքանչիւր փուլի հիմնական եզրայանգումներուն եւ խնդրայարոյց հարցերուն, բանակին մէջ ներդրուած «Խելացի պաշտպանութիւն», «Հրամանատրում՝ առաջադրանքի միջոցով» ղեկավարման սկզբունքներու եւ մօտեցումներու կիրառման գործնական արդիւնքներուն, միջազգային ռազմական համագործակցութեան կարելիութիւններու ընդլայնման, զօրային կառոյցի կատարելագործման եւ ընդհանուր առմամբ պաշտպանական համակարգի վերափոխման կարեւորագոյն ուղղութիւններուն: Քննարկուած են Հայաստանի ապահովութեան միջավայրին շուրջ առկայ եւ հաւանական սպառնալիքները, անոնց հակազդելու մեքանիզմներն ու ռազմավարական բնոյթի քայլերը: Օրակարգային հարցերուն վերաբերեալ տեղի ունեցած է կարծիքներու փոխանակում, ներկայացուած են առաջարկներ։