Print
Category: Հայաստան-Արցախ

­Gallup կազ­մա­կեր­պու­թեան «­Հա­մաշ­խար­հա­յին ի­րա­ւունք եւ կարգ-2015» զե­կոյ­ցը (Law and Order Index) կը ներ­կա­յաց­նէ այն եր­կիր­նե­րը, ուր մար­դիկ ի­րենց ա­ւե­լի ա­պա­հով կը զգան գի­շե­րը ա­ռան­ձին քա­լե­լու ա­տեն, կը գրէ Tert.am՝ վկա­յա­կո­չե­լով  The Independentը: Ցան­կին մէջ նե­րա­ռո­ւած է նաեւ Հա­յաս­տա­նը: Ցու­ցա­կը կը չա­փէ մար­դոց անձ­նա­կան անվ­տան­գու­թեան զգա­ցո­ղու­թիւ­նը ամ­բողջ աշ­խար­հի մէջ, ինչ­պէս նաեւ ա­նոնց սե­փա­կան փոր­ձա­ռու­թիւն­նե­րը ի­րա­ւա­պահ մար­մին­նե­րու հետ:

Զե­կոյ­ցը հիմ­նո­ւած է 2014 թո­ւա­կա­նին 141 եր­կիր­նե­րու մէջ ի­րա­կա­նա­ցո­ւած ա­ւե­լի քան 142.000 հար­ցախոյզ­նե­րու հի­ման վրայ:

Հարց­ման մաս­նա­կից­նե­րուն, ի թիւս այլ հար­ցե­րու, հարց տրո­ւած է. «­Դուք ձե­զի քա­ղա­քին մէջ կամ ուր որ կ­՛ապ­րիք ա­պա­հով կը զգա՞ք գի­շե­րը քա­լե­լու ա­տեն»: Կայ­քը կը ներ­կա­յաց­նէ զե­կոյ­ցին մէջ ընդգրկո­ւած «ա­մէ­նէն ա­պա­հով» եւ «ա­մէ­նէն ա­նա­պա­հով» տա­սը եր­կիր­նե­րը.

Ա­մէ­նէն ա­պա­հով եր­կիր­նե­րուն 10Նեա­կը.Սին­կա­փուր` 91 տո­կոս, ­Հոն­քոնկ` 91 տո­կոս, ­Նոր­վե­կիա` 86 տո­կոս, Ս­պա­նիա` 85 տո­կոս, ­Ռո­ւան­տա` 85 տո­կոս, Ին­տո­նէ­զիա` 85 տո­կոս, Ս­լո­վե­նիա` 84 տո­կոս, ­Տա­ճի­կիս­տան` 83 տո­կոս, ­Հա­յաս­տան` 82 տո­կոս, Աւստ­րիա` 81 տո­կոս:

Ա­մէ­նէն ա­նա­պա­հով եր­կիր­նե­րուն 10Նեա­կը.
­Վեն­եզո­ւե­լա` 22 տո­կոս, ­Կա­պոն` 29 տո­կոս, ­Քոն­կօ` 30 տո­կոս, Հա­րա­ւա­յին Ափ­րի­կէի Հան­րա­պե­տու­թիւն` 31 տո­կոս, ­Փա­րա­կո­ւայ` 32 տո­կոս, Աֆ­ղա­նիս­տան` 34 տո­կոս, ­Պո­ցո­ւա­նա` 35 տո­կոս, ­Լի­պե­րիա` 35 տո­կոս, Պ­րա­զիլ` 36 տո­կոս, ­Զամ­պիա` 36 տո­կոս: