Ե.Ա.Հ.Կ. առաքելութիւնը, Լեռնային Ղարաբաղի եւ Ատրպէյճանի զինուած ուժերու շփման գիծին վրայ, դիտարկում կատարած է Մարտակերտ-Թարթառ հատուածին մէջ` Ե.Ա.Հ.Կ. Մինսքի Խմբակի համանախագահներուն մասնակցութեամբ: Դիտարկման ընթացքին Ե.Ա.Հ.Կ. Մինսքի Խմբակի համանախագահները եւ
Ե.Ա.Հ.Կ. գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչը անցած են ատրպէյճանական տարածք` Լեռնային Ղարաբաղի կողմէ: Դիտարկման աւարտին սակայն ատրպէյճանական կողմէ կրակոցներ արձանագրուած են:
Ե.Ա.Հ.Կ. Մինսքի Խմբակի ամերիկացի համանախագահ Ճէյմզ Ուորլիք դիտարկման անդրադառնալով` Թուիթըրի իր էջին վրայ գրած է, որ Ե.Ա.Հ.Կ.ի դիտարկման ընթացքին կրակոցները անթոյլատրելի են: «Շփման գիծը անցնելու պահուն շարունակուող կրակոցները Ե.Ա.Հ.Կ.ի դիտորդներուն ստիպեցին պատսպարուելու. ասիկա անընդունելի է»,- գրած է Ուորլիք: Միւս կողմէ, Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը 27 Հոկտեմբերին հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը այն մասին, որ իբր թէ Ե.Ա.Հ.Կ. Մինսքի Խմբակի համանախագահներուն մասնակցութեամբ կատարուած դիտարկման ընթացքին հայկական կողմը խախտած է զինադադարի դրութիւնը: Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանութեան նախարարութիւնը՝ պատասխանելով այս ապատեղեկատուութեան` յայտնած է, որ ասիկա հակառակորդին կողմէ որդեգրուած հերթական քարոզչական հնարքն է եւ իրականութեան չի համապատասխաներ:
«Ե.Ա.Հ.Կ. Մինսքի Խմբակի համանախագահներուն կողմէ իրականացուած դիտարկման ընթացքին պաշտպանութեան բանակի յառաջապահ ստորաբաժանումները հաւատարիմ մնացած են ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններուն եւ խստօրէն պահպանած են զինադադարի դրութիւնը: Ընդհակառակն` դիտարկման աւարտին ատրպէյճանական կողմը, իրեն բնորոշ գործելաոճով, կրակոցներ արձակած է»,- նշուած է հաղորդագրութեան մէջ: