Print
Category: Հայաստան-Արցախ

Հ.Յ.Դ. Հա­յաս­տա­նի Գե­րա­գոյն Մար­մի­նի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ, Ազ­գա­յին Ժո­ղո­վի Հ.Յ.Դ. խմբակ­ցու­թեան քար­տու­ղար Ա­ղո­ւան Վար­դա­նեան, 26 Հոկ­տեմ­բե­րին լրագ­րող­նե­րուն հետ ու­նե­ցած զրոյ­ցի մը ըն­թաց­քին, անդ­րա­դար­ձաւ սահ­մա­նադ­րա­կան հան­րա­քո­ւէի քա­րո­զար­շա­ւին: Ան նախ նշեց, որ Դաշ­նակ­ցու­թիւ­նը վա­ղուց սկսած է քա­րո­զար­շա­ւի, մին­չեւ իսկ` Ազ­գա­յին Ժո­ղո­վին մէջ սահ­մա­նադ­րա­կան փո­փո­խու­թիւն­նե­րու քննարկ­ման: Հ.Յ.Դ.ն հան­րա­պե­տու­թեան ամ­բողջ տա­րած­քին կու­սակ­ցա­կան կո­մի­տէու­թեանց կեդ­րոն­նե­րուն մէջ հա­ւաք­ներ կազ­մա­կեր­պած է` քննար­կե­լով կո­մի­տէու­թիւն­նե­րուն ար­ծար­ծած հար­ցե­րը:

«­Հի­մա ար­դէն պի­տի ստեղ­ծո­ւի ղե­կա­վար­ման մար­մին. Գե­րա­գոյն Մար­մինն է, որ ես պի­տի հա­մա­կար­գեմ: Նաեւ՝ մար­զե­րուն մէջ պի­տի ու­նե­նանք մեր մար­մին­նե­րը, ըստ նպա­տա­կա­յար­մա­րու­թեան` պի­տի ու­նե­նանք ղե­կա­վար­ման մար­մին­ներ կարգ մը շրջան­նե­րու մէջ: Քա­րո­զար­շա­ւը ըն­թաց­քի մէջ է մա­մու­լով եւ պատ­կե­րաս­փիւ­ռի կա­յա­նով: Կազ­մած ենք աշ­խա­տան­քի պատ­կե­րա­ցում` մար­զեր այ­ցե­լու­թիւն­նե­րու հա­մար, ա­տի­կա պի­տի քննար­կենք մեր մար­զա­յին կո­մի­տէ­նե­րու պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րուն հետ` 1 Նո­յեմ­բե­րին: Մենք ծրագ­րած ենք իւ­րա­քան­չիւր մար­զի մէջ ու­նե­նալ ե­րեք-չորս հան­դի­պում, ա­նոնք պի­տի ըլ­լան ժո­ղո­վուր­դին հետ սրահ­նե­րու մէջ կա­յա­ցած հան­դի­պում­ներ: Նաեւ պէտք է քննար­կում կա­տա­րենք մեր գոր­ծըն­կեր­նե­րուն հետ, թե­րեւս ա­նոնք պի­տի ու­զեն ա­ւելց­նել այդ հան­դի­պում­նե­րուն թի­ւը»,- յայտ­նեց Ա­ղո­ւան Վար­դա­նեան:

Ան նշեց, որ ղե­կա­վար­ման մար­մի­նին մէջ կա­տա­րո­ւած է աշ­խա­տան­քի բա­ժա­նում. խումբ մը պի­տի զբա­ղի քա­րոզ­չա­կան նիւ­թե­րու պատ­րաս­տու­թեամբ, զա­նոնք տա­րա­ծե­լով, այլ խումբ մը պի­տի զբա­ղի նա­խընտ­րա­կան հիմ­նադ­րա­մի աշ­խա­տանք­նե­րով, միւ­սը` հան­դի­պում­նե­րու կազ­մա­կերպ­ման աշ­խա­տանք­նե­րով: Ե­րե­ւա­նի մէջ եւս Դաշ­նակ­ցու­թիւ­նը կը ծրագ­րէ ու­նե­նալ հան­դի­պում­ներ, կազ­մա­կեր­պել մաս­նա­գի­տա­կան, ո­լոր­տա­յին քննար­կում­ներ՝ տար­բեր խում­բե­րու հետ: «Այս մէկ ա­մի­սը կրնաք ո­րա­կել մեր աշ­խոյժ քա­րոզ­չու­թեան ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նը»,- նշեց Ա­ղո­ւան Վար­դա­նեան: