Print
Category: Հայաստան-Արցախ

altՀոկ­տեմ­բեր 13ին Հ.Հ. սփիւռ­քի նա­խա­րա­րու­թեան մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ մամ­լոյ ա­սու­լիս թուրք յայտ­նի գրող Քե­մալ Եալ­չը­նի «­Հո­գիս ձեզ­մով կը խայ­տայ» գիր­քի թա­տե­րա­կան ներ­կա­յաց­ման վե­րա­բե­րեալ:

Բա­նա­խօս­ներն էին թուրք գրող Քե­մալ Եալ­չըն, ներ­կա­յաց­ման բե­մադ­րիչ Կա­րի­նէ Քո­չա­րեան, դե­րա­սան­ներ Յով­հան­նէս Ոս­կեր­չեան եւ Ար­թուր Կա­րա­պե­տեան:

Ող­ջու­նե­լով ներ­կա­յաց­ման ստեղ­ծա­գոր­ծա­կան խում­բը` Հ.Հ. սփիւռ­քի նա­խա­րա­րու­թեան աշ­խա­տա­կազ­մի ղե­կա­վար Ֆիր­դուս Զա­քա­րեան ար­ժե­ւո­րեց Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան 100րդ տա­րե­լի­ցի ձեռ­նարկ­նե­րու ծի­րէն ներս ի­րա­կա­նա­ցո­ւող այս ձեռ­նար­կը եւ նշեց.- «­Հայ հա­սա­րա­կու­թիւ­նը շատ եր­կար է սպա­սել, որ թուրք մտա­ւո­րա­կան­նե­րը ի­րենց ձայ­նը բարձ­րաց­նեն եւ դա­տա­պար­տեն Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը, ին­չը յոյս է արթ­նաց­նում, որ թուրք ժո­ղո­վուր­դը մի օր կը ճա­նա­չի ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը եւ կ’ա­ռե­րե­սո­ւի սե­փա­կան պատ­մու­թեան հետ: Այս հա­մա­տեքս­տում կա­րե­ւոր է Քե­մալ Եալ­չը­նի դիր­քո­րո­շումն ու հա­սա­րա­կա­կան գոր­ծու­նէու­թիւ­նը: Վեր­ջինս 18 գիրք է հրա­տա­րա­կել, ո­րից 8ը նո­ւի­րո­ւած է հա­յե­րի, յոյ­նե­րի, ա­սո­րի­նե­րի ցե­ղաս­պա­նու­թեա­նը: Ող­ջու­նում եմ թա­տե­րախմ­բին` այս ծրա­գի­րը կեան­քի կո­չե­լու հա­մար եւ լիա­յոյս եմ, որ ներ­կա­յա­ցու­մը կը ցու­ցադ­րո­ւի տար­բեր երկր­նե­րում` աշ­խար­հին եւս մէկ ան­գամ ա­պա­ցու­ցե­լով, որ այ­սօր ար­դէն բազ­մա­թիւ թուրք մտա­ւո­րա­կան­ներ սկսել են բարձ­րա­ձայն խօ­սել քսա­նե­րորդ դա­րի ա­ռա­ջին Ցե­ղաս­պա­նու­թեան մա­սին»:

Շ­նոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նե­լով սփիւռ­քի նա­խա­րա­րու­թեան ծրա­գի­րին ա­ջակ­ցե­լուն հա­մար՝ ներ­կա­յաց­ման բե­մադ­րիչ Կա­րի­նէ Քո­չա­րեան նշեց.- «­Մենք շատ խօ­սած ենք Ցե­ղաս­պա­նու­թեան մա­սին, բայց երբ թուրք գրո­ղը կը խօ­սի այդ մա­սին, այն ալ փաս­տե­րու լե­զո­ւով, ա­տի­կա ար­դէն ձեռք­բե­րում է: Քե­մալ Եալ­չըն ան­ձամբ հան­դի­պած է ծպտեալ, կրօ­նա­փոխ հա­յե­րու, Ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը վե­րապ­րած­նե­րու հետ, ո­րոնք պատ­մած են այդ տա­րի­նե­րուն եւ ատ­կէ յե­տոյ ի­րենց հան­դէպ ի­րա­կա­նա­ցո­ւած հա­լա­ծանք­նե­րուն մա­սին: Քե­մալ Եալ­չը­նի գիր­քը հե­տաքրք­րա­կան է եւ բա­ցա­ռիկ ա­նով, որ փաս­տագ­րա­կան է եւ չա­փա­զանց զգա­ցա­կան: Ներ­կա­յա­ցու­մը ա­ռա­ջին ան­գամ տե­ղի ու­նե­ցած է 2015 թ­.ի Յու­նի­սին Նիւ Եոր­քի մէջ: Թա­տեր­գու­թիւ­նը ներ­կա­յա­ցո­ւե­ցաւ անգ­լե­րէն հա­մա­ժա­մա­նա­կեայ թարգ­մա­նու­թեամբ։ Ներ­կայ էին բազ­մա­թիւ օ­տա­րազ­գի հան­դի­սա­տես­ներ, ո­րոնք չա­փա­զանց տպա­ւո­րո­ւած էին»:

Կա­րի­նէ Քո­չա­րեան ա­ւել­ցուց նաեւ, որ Հա­յաս­տա­նի մէջ ներ­կա­յա­ցում­նե­րը տե­ղի կ’ու­նե­նան Հոկ­տեմ­բեր 14ին, ժա­մը 19:00ին Գիւմ­րիի Վ. Ա­ճե­մեա­նի, Հոկ­տեմ­բեր 15ին, ժա­մը 19:00ին` Վա­նա­ձո­րի Յ. Ա­բէ­լեա­նի, Հոկ­տեմ­բեր 17ին, ժա­մը 19:00ին` Ե­րե­ւա­նի Կ. Ս­տա­նիս­լաւս­կիի ա­նո­ւան թատ­րոն­նե­րուն մէջ:

Շ­նոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նե­լով ներ­կա­յաց­ման ողջ անձ­նա­կազ­մին ներդ­րած մեծ ա­ւան­դին հա­մար` թուրք գրող Քե­մալ Եալ­չըն մաս­նա­ւո­րա­պէս նշեց.- «Ա­ռա­ջին ան­գամ կ’այ­ցե­լեմ Հա­յաս­տան, շատ հպարտ եւ եր­ջա­նիկ եմ ա­տոր հա­մար: Ար­դէն 25 տա­րի է, որ կը զբա­ղիմ Հայ­կա­կան Հար­ցով եւ այդ թե­մա­յով ար­դէն 5 հա­զար է­ջէ ա­ւե­լի հրա­պա­րա­կում ու­նիմ, որ կը փաս­տէ հայ ժո­ղո­վուր­դի կրած ցաւն ու տա­ռա­պան­քը: Ձեր ցա­ւը կը հա­մա­րեմ իմ ցաւս եւ ա­տի­կա է պատ­ճա­ռը, որ գիր­քը ստա­ցած է «­Հո­գիս ձեզ­մով կը խայ­տայ» ա­նո­ւա­նու­մը: Գիր­քը հա­յե­րէ­նով ա­ռա­ջին ան­գամ հրա­պա­րա­կո­ւած է Ե­րե­ւա­նի մէջ, իսկ երկ­րորդ տպագ­րու­թիւ­նը ե­ղած է Ե­րու­սա­ղէ­մի մէջ»:

Թուրք գրո­ղը վստա­հու­թիւն յայտ­նեց, որ իր գիր­քե­րը եւ այս ներ­կա­յա­ցու­մը քայլ մըն են եր­կու ժո­ղո­վուրդ­նե­րու փո­խըմբռ­ման, ճշմար­տու­թեան բա­ցա­յայտ­ման ճա­նա­պար­հին:

Բարձր գնա­հա­տե­լով Քե­մալ Եալ­չը­նի հա­մար­ձա­կու­թիւ­նը` Ար­թուր Կա­րա­պե­տեան նշեց.- «Երբ, որ հա­յը կը խօ­սի իր ցա­ւին մա­սին, աշ­խարհ կար­ծես կը փա­կէ իր ա­կանջ­նե­րը, բայց երբ ոճ­րա­գոր­ծու­թիւն գոր­ծած ազ­գի մտա­ւո­րա­կա­նը խօ­սի, ա­տի­կա ար­դէն այլ է: Նիւ Եոր­քի մէջ ներ­կայ էին տար­բեր ազ­գու­թիւն­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ, ո­րոնք շատ զար­մա­ցած էին եւ յու­զո­ւած: Կը կար­ծեմ, որ հա­րիւր տա­րի անց թուրք մտա­ւո­րա­կա­նի վկա­յու­թիւ­նը կ’ըլ­լայ ա­ռա­ջին քայ­լե­րէն մէ­կը, որ կը նպաս­տէ խնդրի լուծ­ման»: