Աշխարհի տարբեր երկիրներէ Արցախ այցելած Հ.Օ.Մ.ականներուն ի պատիւ՝ Հ.Օ.Մ.ի Արցախի միաւորը կազմակերպած էր պաշտօնական ճաշկերոյթ-դրամահաւաք` Ստեփանակերտի «Սօսէ» մանկապարտէզի կառուցման նպատակով: Ճաշկերոյթին ներկայ էին Արցախի թեմի առաջնորդ Պարգեւ Արք. Մարտիրո
սեան, Հ.Յ.Դ. Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, Արցախի Ազգային ժողովի «Դաշնակցութիւն» խմբակցութեան ղեկավար Դաւիթ Իշխանեան, Լեռնային Ղարաբաղի փոխ-վարչապետ, Հ.Յ.Դ. Արցախի Կեդրոնական Կոմիտէի անդամ Արթուր Աղաբեկեան, Արցախի Ազգային Ժողովի փոխ-նախագահ, Հ.Յ.Դ. Արցախի Կեդրոնական Կոմիտէի անդամ Վահրամ Բալայեան, Հ.Յ.Դ. Արցախի երիտասարդական Միութեան անդամներ եւ այլ անձնաւորութիւններ: «Սօսէ» մանկապարտէզի շինարարութեան նպատակով կազմակերպուած դրամահաւաք-ճաշկերոյթին հաւաքուած է անհրաժեշտ գումարին կէսէն աւելին` 647 հազար տոլար: Ճաշկերոյթին ամբողջ հասոյթը յատկացուած է Հ.Օ.Մ.ի Ստեփանակերտի «Սօսէ» մանկապարտէզի կառուցման:
Ձեռնարկի ընթացքին Հ.Օ.Մ.ականները եւս կատարած են նուիրատուութիւններ, որոնք պիտի տրամադրուին նոյն նպատակին: «Ապառաժ»ի թղթակիցին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին, Հ.Օ.Մ.ի արեւելեան ափի գրասենեակի պատասխանատու եւ «Սօսէ» մանկապարտէզի շինարարութեան յանձնախումբի նախագահ Անժել Մանուկեան նշած է, որ Հ.Օ.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութիւնը 3 ամիսէ ի վեր քարոզչական աշխատանքներ կը տանի աշխարհի Հ.Օ.Մ.ի բոլոր կառոյցներուն հետ, որպէսզի կարելի ըլլայ այս արդիւնքին հասնիլ: «Հ.Օ.Մ.ուհիներուս համար պատիւ է Ստեփանակերտի մէջ ունենալ արդիական պահանջներով յագեցած մանկապարտէզ: Մենք ջանք ու եռանդ պիտի չխնայենք Արցախի «Սօսէ» 12 մանկապարտէզներու ցանցի վերանորոգման ծրագիրը շարունակական դարձնելու համար»,- յայտնած է Ա. Մանուկեան` աւելցնելով, որ երկու տարի ետք` 2017 թուականին, Հ.Օ.Մ.ի աշխարհասփիւռ կառոյցներու ներկայացուցիչները պիտի համախմբուին Արցախի մէջ` տօնակատարելու «Սօսէ» մանկապարտէզի նոր շէնքին բացումը:
Հ.Օ.Մ.ականները այցելած են Ստեփանակերտի Հ.Յ.Դ. «Նիկոլ Դուման» Կեդրոն
13 Հոկտեմբերին Հայ Օգնութեան Միութեան Կեդրոնական Վարչութեան նախորդ ատենապետ Վիքի Մարաշլեան, նորընտիր ատենապետ Քարոլին Շմաւոնեան, Հ.Օ.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան կողմէ Ստեփանակերտի «Սօսէ» մանկապարտէզի շինարարութեան համար կեանքի կոչուած դրամահաւաքի յանձնախումբի անդամներ Հուրի Նաճարեան եւ Անժել Մանուկեան այցելած են Ստեփանակերտի Հ.Յ.Դ. «Նիկոլ Դուման» Կեդրոն:
Անոնք հանդիպում ունեցած են Հ.Յ.Դ. Արցախի Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ, Արցախի Ազգային ժողովի «Դաշնակցութիւն» խմբակցութեան ղեկավար Դաւիթ Իշխանեանի, Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան փոխ-վարչապետ, Հ.Յ.Դ. Արցախի Կեդրոնական Կոմիտէի անդամ Արթուր Աղաբեկեանի, Հ.Յ.Դ. Արցախի Կեդրոնական Կոմիտէի անդամ, Արցախի Ազգային ժողովի փոխ-նախագահ Վահրամ Բալայեանի, Հ.Յ.Դ. Արցախի Կեդրոնական Կոմիտէի անդամ, «Դաշնակցութիւն» խմբակցութեան պատգամաւոր Արմէն Սարգսեանի եւ Արցախի Ազգային Ժողովի «Դաշնակցութիւն» խմբակցութեան անդամ Լեռնիկ Յովհաննիսեանի հետ:
Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են Հ.Յ.Դ. քոյր կառոյցի` Հ.Օ.Մ.ի հետ փոխադարձ համագործակցութեան, յառաջիկայ աշխատանքներուն եւ ծրագիրներուն վերաբերող հարցեր:
Հանդիպում Նախագահ Բակօ Սահակեանի Հետ
Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան 12 Հոկտեմբերին հանդիպում ունեցած է Հ.Օ.Մ.ի 71րդ համահայկական պատգամաւորական ժողովի անդամներուն հետ` ատենապետ Քարոլին Շմաւոնեանի գլխաւորութեամբ:
Նախագահը բարձր գնահատած է Հ.Օ.Մ.ի դերակատարութիւնը՝ համահայկական տարբեր ծրագիրներու իրականացման եւ Արցախի ցուցաբերուող մնայուն աջակցութեան համար:
Նախագահ Բակօ Սահակեան երախտագիտութիւն յայտնած է Հ.Օ.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան նախկին ատենապետ Վիքի Մարաշլեանին եւ Արցախի Հանրապետութեան մատուցած ծառայութիւններուն համար զինք պարգեւատրած է «Վաչագան Բարեպաշտ» մետալով:
Նախագահը յաջողութիւն մաղթած է նորընտիր ատենապետ Քարոլին Շմաւոնեանին` իր պատասխանատու աշխատանքին մէջ: