Լ.Ղ.Հ. Հադրութի շրջանի Տող գիւղին մէջ Հոկտեմբեր 17ին կայանալիք Արցախեան Գինիի Փառատօնի կազմակերպիչ յանձնաժողովը հրապարակած է փառատօնի մշակութային ծրագիրը: Լ.Ղ.Հ. տնտեսութեան նախարարութեան տեղեկութիւններով, ծրագիրը կը ներառէ բացման հանդիսաւոր արարողութիւն, երաժշտական համերգ, ազգագրական պարեր ու խաղեր, ձեռքի աշխատանքներու ցուցահանդէս-վաճառք, խաղարկութիւն եւ աճուրդ: Բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը պիտի ազդարարուի տաշտի մէջ խաղողը ճզմելու ծիսակատարութեամբ եւ նախորդ տարուան արարողութենէն ստացուած գինիի շշալցումով: Երաժշտական համերգին պիտի մասնակցին «Մենք ենք մեր սարերը» խումբը, Տողի արուեստի դպրոցի աշակերտները, Կովսականի ազգագրական պարախումբը: Համերգին ելոյթ պիտի ունենայ նաեւ «Հայաստանի ձայնը» հեռուստանախագիծի մասնակից Լիլիթ Աւանեսեան: Փառատօնի մշակութային ծրագիրին պիտի մասնակցի նաեւ դերասան, Հ.Հ. ժողովրդական արտիստ Հրանդ Թոխատեան: Ձեռքի աշխատանքներու ցուցահանդէս-վաճառքին պիտի ներկայացուին արցախեան վարպետներու կողմէ պատրաստուած յուշանուէրներ, արցախեան գորգեր, կաւէ ամանեղէն, արցախեան զարդեր եւ այլն: Ձեռնարկի ողջ ընթացքին Տողի Մելիքական Ապարանքի տարածքին պիտի կազմակերպուին տարբեր ազգագրական խաղեր եւ պարերու ուսուցում` փառատօնի հիւրերու մասնակցութեամբ: Բացի Գինիի Տօնավաճառէն, Տող գիւղի եւ մօտակայ համայնքներու ներդրումով, պիտի կազմակերպուի նաեւ Արցախեան բարիքներու տօնավաճառ, ուր պիտի ներկայացուի գիւղական արտադրանք: Փառատօնի աւարտին հիւրերուն կը սպասուի վիճակախաղ եւ աճուրդ` ժամանցը աւելի հետաքրքրական դարձնելու նպատակով: Նշենք, որ արցախեան Գինիի Փառատօնը ամենամեայ տօնախմբութիւն է, որ կը կազմակերպուի Հոկտեմբերի երրորդ շաբաթ օրը: Անիկա նպատակ ունի զարգացնելու համայնքներու հասարակական-տնտեսական եւ մշակութային կեանքը, ինչպէս նաեւ ստեղծելու հանդիպման հարթակ՝ Լ.Ղ.Հ. եւ Հ.Հ. գինեգործներու միջեւ: Փառատօնին իրենց արտադրանքը պիտի ներկայացնեն Լ.Ղ.Հ. շրջաններէն եւ Հ.Հ.էն ժամանած գինի արտադրողները: Նախորդ տարի փառատօնին մասնակցած են 24 գինեգործ եւ աւելի քան 1500 հիւր Արցախէն, Հ.Հ.էն եւ արտերկրէն: