Հոկտեմբեր 11ին Արցախի թեմի առաջնորդ Պարգեւ Արքեպիսկոպոս Մարտիրոսեանի գլխաւորութեամբ, տեղի ունեցած է Ստեփանակերտի «Սօսէ» մանկապարտէզի նոր շէնքի հիմնարկէքի արարողութիւնը։ Այս մասին կը գրէ Aparaj.am:
Արարողութեան ներկայ էին Լ.Ղ.Հ. փոխ-վարչապետ, Հ.Յ.Դ. Արցախի Կ.Կ. անդամ Արթուր Աղաբեկեան, Հ.Յ.Դ. Արցախի Կ.Կ. ներկայացուցիչ, Ա.Ժ. «Դաշնակցութիւն» խմբակցութեան ղեկավար Դաւիթ Իշխանեան, Լ.Ղ.Հ. Ա.Ժ. փոխ-նախագահ, Հ.Յ.Դ. Արցախի Կ.Կ. անդամ Վահրամ Բալայեան, Լ.Ղ.Հ. կրթութեան, գիտութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Սլաւա Ասրեան, Լ.Ղ.Հ. քաղաքաշինութեան նախարար Կարէն Շահրամանեան, պաշտօնատար այլ անձիք, աշխարհի տարբեր երկիրներէ Արցախ ժամանած Հ.Օ.Մ.ուհիներ: Հ.Օ.Մ.ի կեդրոնական վարչութեան նախորդ ատենապետ Վիգի Մարաշլեան իր խօսքին մէջ նշեց, որ Ստեփանակերտի «Սօսէ» մանկապարտէզը առաջին մանկապարտէզն էր, որ 1998ին հիմնուած է Հ.Օ.Մ.ի կողմէ: «Մանկապարտէզը հիմնուած է ազատագրական օրերէն յետոյ եւ պէտք է իր զօրաւոր հիմքերով գոյատեւէ հարիւրաւոր տարիներ,- ըսած է Վիգի Մարաշլեան,- պատերազմէն անմիջապէս յետոյ Հայ Օգնութեան Միութիւնը ներկայ էր Արցախի մէջ: Եկանք եւ հիմնեցինք մեր մանկապարտէզները` մտադրութիւն ունենալով կրթելու նոր սերունդը, մեր ապագայ զինուորն ու հրամանատարը: Այս ապագայով լեցուն երեխաները մեզի կը խրախուսեն առաջ տանելու մեր աշխատանքները: 15 հազար Հ.Օ.Մ.ուհիներս զինուորի պէս կանգնած` պատրաստ ենք ամէն կերպ աջակցելու Արցախին եւ արցախցիին»: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց Լ.Ղ.Հ. փոխ-վարչապետ, Հ.Յ.Դ. Կ.Կ. անդամ Արթուր Աղաբեկեանին` մանկապարտէզի ծրագիրը կեանքի կոչելու հարցին մէջ օժանդակութիւն ցուցաբերելու համար: Նելլի Ղուլեան, որ Ստեփանակերտի «Սօսէ» մանկապարտէզի ստեղծման առաջին իսկ օրէն մինչեւ այսօր կը հանդիսանայ մանկապարտէզի տնօրէնը, խորին երախտագիտութիւն յայտնեց բոլոր այն մարդոց, որոնց շնորհիւ կ’իրականանայ մանկապարտէզի վերակառուցման ծրագիրը. «Այս տարիների ընթացքում մենք կրթել եւ դաստիարակել ենք աւելի քան 2000 մանուկների եւ հաւատացած ենք, որ դեռ հազարաւորներին կ’ընդունենք մեր մանկապարտէզ` ճիշդ եւ հայեցի կրթելու համար: Նոր շէնքը կը համապատասխանի արդի բոլոր պայմաններին: Այն հնարաւորութիւն կը տայ մեզ դաստիարակելու 120-150 երեխաների: Մենք սիրով կը շարունակենք այն գործը, որը սկսել ենք Արցախեան պատերազմից անմիջապէս յետոյ»: Նշենք, որ մանկապարտէզի հին շէնքը փլուած է սոյն թուականի Օգոստոսին եւ անմիջապէս սկսած են շինարարական աշխատանքները: Շէնքը պատրաստ կ’ըլլայ շահագործման 2017 թուականի Մայիսին: