Print
Category: Հայաստան-Արցախ

Հ.Հ. նա­խա­գահ Սերժ Սարգսեան Եր­կու­շաբ­թի օր ըն­դու­նած է Ֆ­րան­սա­խօս եր­կիր­նե­րու մի­ջազ­գա­յին կազ­մա­կեր­պու­թեան ընդ­հա­նուր քար­տու­ղար Մի­քա­յէլ Ժա­նը:

Հա­յաս­տա­նի նա­խա­գա­հը ող­ջու­նած է հիւ­րը` նշե­լով, թէ ու­րախ է, որ հան­դի­պու­մը տե­ղի կ­՛ու­նե­նայ Հա­յաս­տա­նի մէջ, Ֆ­րան­սա­խօս եր­կիր­նե­րու մի­ջազ­գա­յին կազ­

մա­կեր­պու­թեան նա­խա­րա­րա­կան հա­մա­ժո­ղո­վի 31րդ նիս­տի շրջա­գի­ծէն ներս: Ֆ­րան­սա­խօս եր­կիր­նե­րու ղե­կա­վար մար­մի­նի հեր­թա­կան հան­դի­պու­մը Հա­յաս­տա­նի մէջ, Հ.Հ. նա­խա­գա­հի խօս­քով, յա­տուկ նշա­նա­կու­թիւն ու­նի Հա­յաս­տա­նի հա­մար, եւ մեծ պա­տիւ ու պա­տաս­խա­նա­տուու­թիւն է հիւ­րըն­կա­լել այդ կա­րե­ւո­րա­գոյն նա­խա­ձեռ­նու­թիւ­նը:

Ընդգ­ծե­լով, որ Հա­յաս­տա­նը ֆրան­սա­խօս եր­կիր­նե­րու մի­ջազ­գա­յին կազ­մա­կեր­պու­թեան աշ­խոյժ ան­դամ պե­տու­թիւն­նե­րէն է, նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեան վստա­հե­ցու­ցած է, որ մեր եր­կի­րը հա­ւա­տա­րիմ է ֆրան­սա­խօս եր­կիր­նե­րու ըն­տա­նի­քը միա­ւո­րող ար­ժէք­նե­րու խրա­խուս­ման իր յանձ­նա­ռու­թեան եւ մե­ծա­պէս կա­րե­ւոր կը նկա­տէ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը Ֆ­րան­սա­խօս եր­կիր­նե­րու մի­ջազ­գա­յին կազ­մա­կեր­պու­թեան, վեր­ջի­նիս գոր­ծըն­կեր կա­ռոյց­նե­րուն եւ Ֆ­րան­սա­խօս եր­կիր­նե­րու խորհր­դա­րա­նա­կան վե­հա­ժո­ղո­վին հետ:

Ֆ­րան­սա­խօս եր­կիր­նե­րու մի­ջազ­գա­յին կազ­մա­կեր­պու­թեան ընդ­հա­նուր քար­տու­ղա­րը շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նած է հա­մա­ժո­ղո­վը Հա­յաս­տա­նի մէջ բարձր մա­կար­դա­կով կազ­մա­կեր­պե­լու, ինչ­պէս նաեւ ջերմ հիւ­րըն­կա­լու­թեան հա­մար եւ ընդգ­ծած, որ հա­մա­ժո­ղո­վի օ­րա­կար­գին ծի­րին մէջ քննար­կո­ւե­ցան կա­րե­ւո­րա­գոյն հար­ցեր, իսկ Հա­յաս­տա­նի կող­մէ ա­ռա­ջադ­րո­ւած թե­ման, իբ­րեւ հա­մա­ժո­ղո­վի խո­րա­գիր, շատ խորհր­դան­շա­կան էր, կա­րե­ւոր եւ ար­դիա­կան:

Իր կող­մէ նշե­լով, որ ֆրան­սա­խօ­սու­թիւ­նը ընդ­հա­նուր ար­ժէք­ներ կրող եր­կիր­նե­րու դա­շինք է, ուր Հա­յաս­տա­նը ու­նի իր ա­ռանձ­նա­յա­տուկ եւ կա­րե­ւոր տե­ղը, Մի­քա­յէլ Ժան վստա­հե­ցու­ցած է, որ կազ­մա­կեր­պու­թեան ծի­րին մէջ նոր կա­րե­լիու­թիւն­ներ եւ հո­րի­զոն­ներ կը բա­ցո­ւին լայն հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան հա­մար: Ըստ Ֆ­րան­սա­խօս եր­կիր­նե­րու մի­ջազ­գա­յին կազ­մա­կեր­պու­թեան ընդ­հա­նուր քար­տու­ղա­րին, ֆրան­սա­խօ­սու­թիւ­նը ամ­բողջ աշ­խար­հին մէջ կրցած է հաս­տա­տո­ւիլ իբ­րեւ կա­րե­ւոր դե­րա­կա­տար եւ վստա­հե­լի գոր­ծըն­կեր, ուս­տի, անհ­րա­ժեշտ է ջան­քեր գոր­ծադ­րել կազ­մա­կեր­պու­թեան մեծ նե­րու­ժը լիար­ժէք կեր­պով օգ­տա­գոր­ծե­լու ուղ­ղու­թեամբ:

Հ.Հ. նա­խա­գա­հին հետ հան­դի­պու­մի ըն­թաց­քին Մի­քա­յէլ Ժան ներ­կա­յա­ցու­ցած է իր պատ­կե­րա­ցում­նե­րը Ֆ­րան­սա­խօս եր­կիր­նե­րու մի­ջազ­գա­յին կազ­մա­կեր­պու­թեան հե­ռան­կա­րին, զար­գաց­ման մեծ կա­րե­լիու­թիւն­նե­րուն եւ այդ հո­լո­վոյ­թին մէջ Հա­յաս­տա­նի տե­ղին ու դե­րին մա­սին: