Արմաւիրի մարզին մէջ աղբի վերամշակման գործարանի կառուցման եւ ջերմոցային տնտեսութիւն հիմնելու ներդրումային ծրագիրը հաւանութեան արժանացաւ Հ.Հ. կառավարութեան կողմէ: Գործադիրի նիստի ժամանակ Հ.Հ. տարածքային կառավարման եւ արտակարգ իրավիճակներու նախարարի տե
ղակալ Վաչէ Տէրտէրեան ներկայացուց ծրագրի մանրամասնութիւնները:
«Արմէնփրես»ի փոխանցմամբ` համաձայն ներդրումային ծրագրին, հայ-չեխական «Կրինէքօ» սահմանափակ պատասխանատուութեամբ ընկերութիւնը կը պատրաստուի աղբի վերամշակման գործարան կառուցելու եւ ջերմատընային տնտեսութիւն հիմնելու՝ Արմաւիր քաղաքի վարչական տարածքի հիւսիսային մասէն գործող աղբավայրի յարակից տարածքին՝ 15 հա. մակերեսով հողատարածութեան վրայ:
«Ծրագիրը շուրջ 33 միլիոն եւրօ արժողութիւն ունի, որից 21 միլիոն եւրօ նախատեսուած է աղբի վերամշակման գործարանի, 11 միլիոն եւրօ` ջերմոցային տնտեսութեան համար: Իսկ 1 միլիոն եւրօ էլ այլ ծախսերի համար: Ծրագիրն ամբողջութեամբ մասնաւոր գործակցութեան արդիւնք է»,- ըսած է Վաչէ Տէրտէրեան: Վարչապետի հարցումին, թէ կա՞ն արդեօք ժամկէտներ, փոխ-նախարարը նշած է, որ ընկերութեան կողմէ ներկայացուած է 7 տարուան ժամկէտը, բայց ատիկա պարզ պիտի դառնայ ներդրումային ծրագիրը հաստատելէն ետք:
Մէկ այլ որոշման նախագիծով՝ Վաչէ Տէրտէրեան առաջարկեց կառավարութեան հաւանութեան արժանացնել Արմաւիրի մարզի Արմաւիրի քաղաքային համայնքին մէջ աղբի վերամշակման գործարան եւ ջերմոցային տնտեսութիւն հիմնելու նպատակով հողամասը ուղղակի վաճառքի ձեւով օտարման համաձայնութիւն տալու մասին որոշումը: