Print
Category: Հայաստան-Արցախ

­altՀ.Հ. նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեան հրա­մա­նա­գիր ստո­րագ­րած է Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան Սահ­մա­նադ­րու­թեան փո­փո­խու­թիւն­նե­րու հան­րա­քո­ւէն 2015 թո­ւա­կա­նի Դեկ­տեմ­բեր 6­ին նշա­նա­կե­լու մա­սին:

Ինչ­պէս կը տե­ղե­կաց­նէ Հ.Հ. նա­խա­գա­հի աշ­խա­տա­կազ­մի հա­սա­րա­կու­թեան եւ տե­ղե­կատուութեան մի­ջոց­նե­րու հետ կա­պե­րու վար­չու­թիւ­նը, հրա­մա­նագ­րին մէջ նշո­ւած է.-

«­Ղե­կա­վա­րո­ւե­լով Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան Սահ­մա­նադ­րու­թեան 111­րդ յօ­դո­ւա­ծի 2րդ­ եւ 5րդ մա­սե­րով, հիմք ըն­դու­նե­լով «­Հան­րա­քուէի մա­սին» Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան օ­րէն­քի 7­րդ յօ­դո­ւա­ծի 6­րդ մա­սը եւ Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան Սահ­մա­նադ­րու­թեան փո­փո­խու­թիւն­նե­րու նա­խա­գի­ծը հան­րա­քո­ւէի դնե­լու վե­րա­բե­րեալ Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գա­հի նա­խա­ձեռ­նու­թեան Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան Ազ­գա­յին ժո­ղո­վի կող­մէ տրուած հա­մա­ձայ­նու­թիւ­նը` կ­՛ո­րո­շէ.-

1- Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան Սահ­մա­նադ­րու­թեան փո­փո­խու­թիւն­նե­րու հան­րա­քո­ւէն նշա­նա­կել 2015 թո­ւա­կա­նի Դեկ­տեմ­բեր 6ին:

2- Սոյն հրա­մա­նա­գի­րը ու­ժի մէջ կը մտնէ պաշ­տօ­նա­կան հրա­պա­րակ­ման յա­ջորդ օ­րո­ւը­նէ»: