Print
Category: Հայաստան-Արցախ

Հայ Օգնութեան Միութեան (ՀՕՄ) համահայկական 71րդ պատգամաւորական ժողովը, որ գումարուեցաւ Հայաստանի Երեւան քաղաքին մէջ, մասնակցութեամբ ՀՕՄի աշխարհի տարածքին գտնուող 22 երկիրներէ եկած ներկայացուցիչներուն, կը զօրակցի Հայաստանի ու Արցախի սահմանամերձ գիւղերու բնակիչներուն, որոնք կը ռմբակոծուին Ատրպէյճանի բանակին կողմէն։ Հակառակորդը շարունակականօրէն կը խախտէ հրադադարը, որուն հետեւանքով կրակոցներէն կը զոհուին կամ կը վիրաւորուին անմեղ բնակիչներ, ներառեալ մանուկներ, կանայք եւ տարեցներ։
Ժողովս կը դատապարտէ անմարդկային անօրինական արարքները եւ կոչ կ՚ուղղէ միջազգային հանրութեան դատապարտելու ու կասեցնելու նմանօրինակ խախտումներ։

ՀՕՄի Համահայկական 71րդ Պատգամաւորական Ժողով