Print
Category: Հայաստան-Արցախ

­«ONEArmenia»­ շա­հոյթ չհե­տապն­դող կազ­մա­կեր­պու­թիւ­նը սկսած է «HIKEArmenia» ար­շա­ւը, ո­րով ճա­նա­պար­հորդ­նե­րուն հա­մար հա­սա­նե­լի կը դարձ­նէ ­Հա­յաս­տա­նի բնաշ­խար­հը` բջի­ջա­յին յա­ւելուա­ծի մի­ջո­ցով: Ինչ­պէս ՝ ըստ «Ար­մէնփ­րես»-­ի՝  կը տե­ղե­կաց­նեն կազ­մա­կեր­պու­թե­նէն, 2015-­ի գար­նան «ONEArmenia» (1A) կազ­մա­կեր­պու­թիւ­նը ստեղ­ծած էր Inside Yerevan ու­ղե­ցոյ­ցը, որ կ­ ՛օգ­նէ հա­զա­րա­ւոր մար­դոց, ինչ­պէս զբօ­սաշր­ջիկ­նե­րուն, այն­պէս ալ տե­ղա­ցի­նե­րուն` ճանչ­նա­լու Ե­րե­ւա­նը ներ­սէն:

Այս ար­շա­ւով «ONEArmenia»-ն կ­՛ընդ­լայ­նէ սահ­ման­նե­րը` դուրս գա­լով մայ­րա­քա­ղա­քէն դէ­պի ­Հա­յաս­տա­նի բնաշ­խար­հը եւ ար­դիւ­նա­բե­րա­կան մայ­րա­քա­ղա­քէն դուրս գտնո­ւող հա­մայնք­ներ:

«HIKEArmenia»-­ն ­նա­խա­ձեռ­նու­թիւն մըն է, որ ար­դէն քա­նի մը տա­րիէ կազ­մա­կեր­պու­թեան նպա­տակ­նե­րու ցան­կին վրայ է: 1A­ի հա­մա­հիմ­նա­դիր եւ թո­ւա­յին մար­քե­թին­կի մաս­նա­գէտ ­Պատ­րիկ ­Սարգ­սեա­նի խօս­քով` ի­րենք պի­տի հա­մա­գոր­ծակ­ցին շարք մը ո­լորտ­նե­րու մաս­նա­գէտ­նե­րու հետ` ար­շաւ­նե­րու (hiking) ո­լոր­տը հիմ­նո­վին զար­գաց­նե­լու նպա­տա­կով:

«­Գա­ղա­փա­րը ա­ռա­ջա­ցել է այն պատ­ճա­ռով, որ չնա­յած ­Հա­յաս­տա­նում կան հա­զա­րա­ւոր ար­շա­ւա­յին ու­ղի­ներ, միեւ­նոյն է, դրան­ցից միայն մի քա­նիսն են քար­տէ­զագ­րո­ւած: Եւ նոյ­նիսկ այդ դէպ­քում ­Հա­յաս­տա­նում ուղ­ղա­կի չկայ ար­շա­ւի ո­րե­ւէ ստան­դարտ ըն­թա­ցա­կարգ եւ դա երկ­րի ա­մե­նա­գե­ղե­ցիկ շրջան­նե­րը դարձ­նում է ան­հա­սա­նե­լի ­Հա­յաս­տան այ­ցե­լո­ղի հա­մար: ­Հա­յաս­տա­նի շրջան­ներն ար­տա­քին աշ­խար­հից մե­կու­սա­ցո­ւած են: Ար­տա­քին կա­պե­րի բա­ցա­կա­յու­թեան հե­տե­ւանք­նե­րը եւս դար­ձել են սո­ցիա­լա­կան եւ տնտե­սա­կան խնդիր­նե­րի պատ­ճառ գիւ­ղե­րում»,- ը­սած է ան­:

Ա­տոր  հա­մար ալ «HIKEArmenia»­ի ա­ռա­ջին քայ­լը պի­տի ըլ­լայ տե­ղա­կան ար­շաւ­նե­րու մաս­նա­գէտ­նե­րու հետ միա­նալ ու ­Հա­յաս­տա­նի մէջ քա­նի մը ար­շա­ւա­յին ու­ղի­ներ գծել` տե­ղա­ցի ար­շա­ւա­կան­նե­րու կող­մէ ըն­դու­նած մի­ջազ­գա­յին չա­փա­նիշ­նե­րուն հա­մա­պա­տաս­խան:

­Նա­խա­գի­ծի երկ­րորդ հա­տո­ւա­ծին մէջ պի­տի ստեղ­ծո­ւի բջի­ջա­յին հա­ւե­լո­ւա­ծի տես­քով հար­թակ, ուր պի­տի ըլ­լան ­Հա­յաս­տա­նի գլխա­ւոր ար­շա­ւա­յին ու­ղի­նե­րու գործ­նա­կան քար­տէզ` նե­րա­ռեալ կա­րե­ւոր տո­ւեալ­նե­րը, տե­ղան­քի պատ­մա­կան նշա­նա­կու­թիւ­նը, ինչ­պէս նաեւ տե­ղե­կու­թիւն­ներ ար­շա­ւի մա­սին (բարձ­րու­թիւն, եր­կա­րու­թիւն, բար­դու­թեան մա­կար­դակ):