Հոկտեմբեր 7ին, Հայաստանի Հանրային Հեռատեսիլի լրագրողին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին, Ե.Ա.Հ.Կ. Մինսկի Խմբակի ամերիկացի համանախագահ Ճէյմզ Ուորլիք յայտնած է, որ Միացեալ Նահանգներու կառավարութիւնը ամբողջութեամբ նեցուկ կը կանգնի ամերիկացի ծերակուտականներ Էտ Ռոյսի եւ Էլիըթ Էնկըլի կողմէ՝ ղարաբաղեան հակամարտութեան գօտիին վրայ խաղաղութեան պահպանման աջակցելու նախաձեռնութեան, որուն համար ստորագրահաւաք մը սկսած է արդէն:
«Մենք կողմերուն հետ քննարկած ենք այս նախաձեռնութիւնը ու կը շարունակենք ձեռնարկել քայլերու, որոնք պիտի յանգեցնեն բանակցութիւններու ճանապարհով տագնապի լուծման»,- յայտարարած է ան: Ծերակուտականները առաջարկած են խաղաղութեան հաստատման երեք հիմնական քայլեր, որոնց համաձայն՝ անհրաժեշտ է ստանալ կողմերուն համաձայնութիւնը շփման գիծէն արձակազէնները ետ քաշելու, հրաձգային տեղարկուներու եւ ձայնային սարքաւորումներու համակարգեր տեղակայելու (շփման գիծին վրայ յարձակումի պատասխանատուն պարզելու համար) եւ Ե.Ա.Հ.Կ.ի լրացուցիչ դիտորդներ ներգրաւելու համար: