Print
Category: Հայաստան-Արցախ

Ռու­սիա եւ Հա­յաս­տան մի­ջու­կա­յին անվ­տան­գու­թեան շուրջ տե­ղե­կու­թիւն­ներ պի­տի փո­խա­նա­կեն: Հա­մա­պա­տաս­խան կար­գը հաս­տա­տո­ւած է Հոկ­տեմ­բեր 7ին, Ե­րե­ւա­նի մէջ, Հ.Հ. ու­ժա­նիւ­թի նա­խա­րար Ե­րո­ւանդ Զա­խա­րեա­նի եւ «­Ռո­սա­տոմ» ռու­սա­կան պե­տա­կան ըն­կե­րու­թեան ղե­կա­վար Սեր­կէյ Քի­րիեն­քո­յի մի­ջեւ կնքուած հա­մա­ձայ­նա­գի­րով: «­Մի­ջու­կա­յին վթա­րի պա­րա­գա­յին գործ­նա­ կան ծա­նուց­ման եւ մի­ջու­կա­յին ու ճա­ռա­գայ­թա­յին անվ­տան­գու­թեան ո­լոր­տին մէջ տե­ղե­կու­թիւն­նե­րու փո­խա­նակ­ման մա­սին» հա­մա­ձայ­նա­գի­րը կը բխի 1986ի Ա.Է.Մ.Գ. պա­հանջ­նե­րէն: Կող­մե­րը տե­ղե­կու­թիւն­ներ պի­տի փո­խա­նա­կեն ոչ միայն ար­տա­կարգ ի­րա­վի­ճակ­նե­րու, այլ նաեւ խա­ղաղ հիւ­լէա­կան կա­յան­նե­րու ըն­թա­ցիկ վի­ճա­կին մա­սին: Հայ­կա­կան Ա.Է.Կ.ի շա­հա­գործ­ման ժամ­կէտ­նե­րու եր­կա­րաձգ­ման ծրա­գի­րով 2 լրա­ցու­ցիչ փաս­տա­թուղթ ստո­րագ­րո­ւած է: Յի­շեցնենք, որ ռու­սա­կան կող­մը ա­նոր ֆի­նան­սա­ւոր­ման հա­մար 30 մի­լիոն տո­լար դրա­մաշ­նորհ եւ մին­չեւ 270 մի­լիոն տո­լար վար­կա­յին գիծ տրա­մադ­րած էր, ո­րուն մա­սին հա­մա­ձայ­նա­գի­րը ստո­րագրո­ւած էր 2014ի Դեկ­տեմ­բե­րին: