Հայաստանեան առցանց lragir.am թերթին մէջ, մեկնաբան Նայիրա Հայրումեան վերջին զարգացումներու լոյսին տակ շատ հետաքրքրական վերլուծում մը կատարած է ռուս-թրքական յարաբերութիւններու ապագային, ինչպէս նաեւ Հայաստանի վրայ անոնց անդրադարձին մասին:
Յօդուածագիրը կը գրէ.- «Նոյեմբեր 1ին Թուրքիոյ մէջ կը կայանան խորհրդարանական ընտրութիւններ, եւ դատելով վերջին հարցախոյզներէն` իշխանութեան Արդարութիւն եւ Բարգաւաճում կուսակցութիւնը աւելի քիչ ձայն պիտի ստանայ, քան Յունիս 7ի ընտրութիւններուն: Թրքական լրատու միջոցները կը գրեն, որ Էրտողան կը պատրաստուի նահանջի` նոյնիսկ եթէ մտադիր է յամառ պայքար մղելու մինչեւ ընտրութիւնները:
Ինքզինք եւ իր կուսակցութիւնը փրկելու համար՝ Էրտողան մտած է համապարփակ գործընթացներու մէջ: Մինչ վարչապետ Տաւութօղլու կը փորձէ պարզել յարաբերութիւնները Ռուսաստանի հետ, որ խախտած է Թուրքիոյ օդային տարածքը, Էրտողան մեկնած է Եւրոպա, որպէսզի կարեւոր հարցեր լուծէ:
Օրինակ, ան Թուրքիոյ քաղաքացիներուն համար պիտի պահանջէ առանց այցագիրի մուտք Եւրոպական Միութիւն:
Շատ հաւանական է, որ ան ստանայ Եւրոպական Միութեան ղեկավարներու համաձայնութիւնը, սակայն ատոր համար պիտի ստիպուի քաղաքական քանի մը քայլերու ձեռնարկելու:
Առաջինը` խստացնել սահմանային վերահսկողութիւնը Եգէական ծովուն մէջ, երկրորդը եւ գլխաւորը` «փճացնել» Ռուսաստանի հետ յարաբերութիւնները:
Քրեմլին կը յայտարարէ, որ ռուս-թրքական յարաբերութիւնները այնպէս մը կառուցուած են, որ կարելի չէ փճացնել: Եթէ Թուրքիոյ առջեւ ընտրութիւն դնեն Արեւմուտքի եւ Ռուսաստանի միջեւ, ան հազիւ թէ ընտրէ Ռուսաստանը, մանաւանդ եթէ Արեւմուտքը որոշ զիջումներ ալ կատարէ: Այս իրավիճակը ինչպէ՞ս կրնայ ազդել Հայաստանի վրայ: Ռուսաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ 18 պատերազմ եղած է, եւ այդ պատերազմներու որպէս հետեւանք կնքուած պայմանագրերուն մէջ անպայման ներկայ եղած են հայկական հողերը եւ հայերը: Ներկայիս, Հայաստանը փաստօրէն նոյնպէս բաժնուած է ռուս-թրքական պայմանագրերով` նոյնիսկ եթէ Արեւելեան Հայաստանը ձեւական անկախ պետութիւն է:
Ռուսաստանը եւ Թուրքիան միշտ յաջողած են համաձայնիլ:Պէտք է ենթադրել, որ այս անգամ ալ կը յաջողին: Հարցն այն է, թէ որո՞ւ դիրքերը աւելի զօրաւոր կ՚ըլլան պայմանագիրը ստորագրելու պահուն: Հայերը դարձեալ կը ստիպուին ականատես ըլլալու իրենց հողերու բաժանումին, եթէ անցեալի նման մնան ռուս-թրքական համաձայնագրերու ուղեծիրին մէջ եւ չփորձեն ձեւականէն անցնիլ իրական անկախութեան»: