Print
Category: Հայաստան-Արցախ

altԻր գոր­ծու­նէու­թեան տա­սը տա­րի­նե­րու ըն­թաց­քին, ըն­կե­րա­յին պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թեան ծրա­գիր­նե­րու ծի­րին մէջ «­Վի­վա­սել-Էմ.­Թի.Էս.» մօ­տա­ւո­րա­պէս 6,9 մի­լիառ դրա­մի ներդ­րում կա­տա­րած է Հա­յաս­տա­նի գիւ­ղա­կան հա­մայնք­նե­րու զար­գաց­ման հա­մար:

Կը ներ­կա­յաց­նենք մար­զե­րուն մէջ ի­րա­կա­նացուած ըն­կե­րա­յին ներդ­րում­նե­րուն մէկ մա­սը.

– Բ­նա­կա­րան­ներ Գիւմ­րիի եւ Վա­նա­ձո­րի` երկ­րա­շար­ժէն տու­ժած կա­րի­քա­ւոր 40 ըն­տա­նի­քի,

– Ջ­րա­մա­տա­կա­րար­ման հա­մա­կար­գի կա­ռու­ցում,

– Ըմ­պե­լի ջու­րի ա­պա­հո­վում եւ ջրա­մա­տա­կա­րա­րում գրե­թէ չու­նե­ցող շարք մը գիւ­ղե­րու մէջ,

– Այ­լընտ­րան­քա­յին ու­ժա­նիւ­թի են­թա­կա­ռու­ցո­ւած­քի ստեղ­ծում ար­տա­քին լու­սա­ւոր­ման եւ ջե­ռուց­ման հա­մա­կար­գե­րուն հա­մար,

– Ջե­ռուց­ման հա­մա­կար­գի ա­պա­հո­վում ման­կա­պար­տէզ­նե­րու եւ դպրոց­նե­րու մէջ,

– Պաշտ­պա­նիչ պա­տի կա­ռու­ցում սահ­մա­նա­մերձ գիւ­ղե­րու մէջ,

– Ե­լեկտ­րա­կան ցան­կա­պա­տի կա­ռու­ցում ըն­տա­նի ա­նա­սուն­նե­րը եւ ա­նաս­նա­գո­մե­րը գի­շա­տիչ­նե­րու յար­ձա­կում­նե­րէն պաշտ­պա­նե­լու նպա­տա­կով,

– Ա­ջակ­ցու­թիւն Կոշ հա­մայն­քին մէջ գոր­ծող` փոք­րիկ­նե­րու ցե­րե­կա­յին խնամ­քի եւ վե­րա­կանգ­նո­ղա­կան կեդ­րո­նին,

– Նո­րած­նա­յին խնամ­քի բժշկա­կան սար­քա­ւո­րում­նե­րու տրա­մադ­րում մար­զա­յին ծննդա­տու­նե­րուն,

– Բժշ­կա­կան սար­քա­ւո­րում­նե­րով ար­դիա­կա­նա­ցո­ւած շտապ օգ­նու­թեան մե­քե­նա­նե­րու տրա­մադ­րում մար­զա­յին բժշկա­կան կեդ­րոն­նե­րուն, ինչ­պէս նաեւ գոր­ծա­կար­գա­վա­րա­կան հա­մա­կար­գի ար­դիա­կա­նա­ցում,

– Հաշ­ման­դամ­նե­րու կա­րիք­նե­րուն յար­մա­րե­ցո­ւած մե­քե­նա­նե­րու տրա­մադ­րում` նե­րա­ռա­կան կրթու­թեան ծրա­գիր­նե­րու շրջա­նա­կին մէջ,

– Ա­րագ ար­ձա­գանգ­ման 911 հե­ռա­խօ­սա­հա­մա­րի տե­ղայ­նա­ցում,

– Կի­սա­կա­ռոյց տու­նե­րու շի­նա­րա­րու­թեան ա­ւարտ եւ վե­րա­նո­րոգ­ման աշ­խա­տանք­ներ գիւ­ղա­կան, նե­րառեալ` սահ­մա­նա­մերձ հա­մայնք­նե­րու մէջ,

– Մար­զա­յին կրթա­կան հաս­տա­տու­թիւն­նե­րու եւ մշա­կու­թա­յին օ­ճախ­նե­րու վե­րա­նո­րո­գում,

– Ու­սա­նող­նե­րու կրթա­թո­շա­կի ա­պա­հո­վում,

– Հա­մա­կարգ­չա­յին սե­նեակ­նե­րու ստեղ­ծում մար­զա­յին կրթա­կան հաս­տա­տու­թիւն­նե­րու մէջ,

– Մար­զա­յին կրթա­կան հաս­տա­տու­թիւն­նե­րու մէջ հա­մա­ցան­ցի կա­պի ա­պա­հո­վում,

– Աս­պա­րէ­զի զար­գաց­ման ծրա­գի­րի շրջա­նա­կին մէջ դա­սա­խօ­սու­թիւն­նե­րու եւ դա­սըն­թացք­նե­րու կազ­մա­կեր­պում` մար­զե­րու հա­մալ­սա­րան­նե­րու ու­սա­նող­նե­րու հա­մար,

– Մշ­տա­դի­տարկ­ման ժա­մա­նա­կա­կից սար­քա­ւո­րում­նե­րու տրա­մադ­րում Ուր­ցա­ձո­րի կեն­սո­լոր­տա­յին կրթա­կան կեդ­րո­նին,

– Բա­զա­յին նոր կա­յա­նի կա­ռու­ցում Կով­կա­սեան կեն­սա­բազ­մա­զա­նու­թեան ա­պաս­տա­րա­նի տա­րած­քին` Ուր­ցա­ձո­րի կեն­սո­լոր­տա­յին-կրթա­կան կեդ­րո­նի հա­րե­ւա­նու­թեամբ եւ այլ ծրագ­րեր:

«­Վի­վա­սել-Էմ.­Թի.Էս.» ստեղ­ծած է մօ­տա­ւո­րա­պէս 204 կա­յուն աշ­խա­տա­տեղ մար­զե­րու մէջ` մար­զա­յին 54 եւ շար­ժա­կան 10 սպա­սարկ­ման կեդ­րոն­նե­րու մի­ջո­ցով:

«­Գիւ­ղա­կան հա­մայնք­նե­րու զար­գա­ցու­մը կ­՛են­թադ­րէ գիւ­ղի եւ քա­ղա­քի, մար­զե­րու եւ մայ­րա­քա­ղա­քի մի­ջեւ կեան­քի ո­րա­կի տար­բե­րու­թեան կրճա­տում: Այս մէ­կը կա­րե­ւոր է օգ­նե­լու յատ­կա­պէս պա­տե­րազ­մէ եւ բնա­կան ա­ղէտ­նե­րէ տու­ժած սահ­մա­նա­մերձ բնա­կա­վայ­րե­րուն: Մենք, իբ­րեւ ըն­կե­րու­թիւն եւ ան­հատ­ներ, կ­՛ը­նենք մեր կա­րե­լին, որ­պէս­զի մար­զե­րու մէջ բնա­կող մեր հայ­րե­նա­կից­նե­րը չյու­սա­հա­տին, լքո­ւած չզգան եւ շա­րու­նա­կեն հա­ւա­տալ ի­րենց փոք­րիկ­նե­րուն լու­սա­ւոր ա­պա­գա­յին: Մայ­րա­քա­ղա­քի կամ սահ­մա­նա­մերձ գիւ­ղի մէջ ծնած ըլ­լա­լու փաս­տը պայ­մա­նա­ւո­րո­ւած է մեզ­մէ ան­կախ հան­գա­մանք­նե­րով, եւ ոչ` մեր կա­մա­ւոր ընտ­րու­թեամբ: Իբ­րեւ գի­տա­կից ան­հատ գոր­ծե­լը լիո­վին մեր ընտ­րու­թիւնն է: Մենք` վա­ղո­ւան օ­րով մտա­հոգ հա­յերս, յաղ­թա­հա­րե­լով բազ­մա­թիւ մար­տահ­րա­ւէր­ներ, պէտք է շա­րու­նա­կենք կեր­տել մեր ա­պա­գան. ոչ ոք այդ չի կա­տա­րեր մեր տե­ղը: Ընտ­րու­թիւ­նը մերն է. կրնանք ապ­րիլ յա­նուն ան­հա­տա­կան եր­ջան­կու­թեան` հոգ տա­նե­լով մեր վրայ, եւ կամ եր­ջան­կու­թեան բա­նա­ձեւ դի­տար­կել հան­րա­յին բա­րօ­րու­թեան կերտ­ման մեր մաս­նակ­ցու­թիւ­նը: «­Վի­վա­սել-Էմ.­Թի.Էս.» ջանք չի խնա­յեր, որ­պէս­զի ա­ռօ­րեայ կեան­քի մէջ չհե­ռա­նանք հան­րա­յին բա­րօ­րու­թեան կերտ­ման տա­կա­ւին տա­սը տա­րի ա­ռաջ ըն­դու­նած ար­ժե­հա­մա­կար­գէն` ըն­կե­րա­յին պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թե­նէն»,- ը­սած է «­Վի­վա­սել-Էմ.­Թի.Էս.»ի գլխա­ւոր տնօ­րէն Ռալֆ Եի­րի­կեան:

Գոր­ծու­նէու­թեան ա­ռա­ջին իսկ տա­րի­նե­րէն ըն­կե­րա­յին պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թիւ­նը որ­դեգ­րե­լով իբ­րեւ ա­ռանց­քա­յին ռազ­մա­վա­րա­կան մօ­տե­ցում` ըն­կե­րու­թիւ­նը կը շա­րու­նա­կէ ա­ռաջ­նոր­դո­ւիլ ըն­կե­րակ­ցա­կան եւ ըն­կե­րա­յին պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թեան սկզբունք­նե­րով, բո­լոր` կար­ճա­տեւ եւ եր­կա­րա­տեւ ծրա­գիր­նե­րու նա­խագծ­ման եւ ի­րա­կա­նաց­ման հար­ցին մէջ: Ընդ­հա­նուր առ­մամբ, «­Վի­վա­սել-Էմ.­Թի.Էս.» 23,8 մի­լիառ դրամ յատ­կա­ցու­ցած է Ե­րե­ւա­նի եւ Հա­յաս­տա­նի մար­զե­րուն մէջ` ըն­կե­րակ­ցա­կան պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թեան նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­նե­րու ի­րա­գործ­ման նպա­տա­կով: