Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային Ժողովը քուէարկութեամբ ընդունեց սահմանադրական բարեփոխումներու նախագիծը հանրաքուէի դնելու մասին Ազգային Ժողովի որոշումը: Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես», սահմանադրական բարեփոխումներու նախագիծը հանրաքուէի դնելու որոշումին կողմ քուէարկեց 104, դէմ` 10, ձեռնպահ` 3 պատգամաւոր:
Մինչ այդ, սահմանադրական բարեփոխումներու մասնագիտական յանձնախումբի անդամ, Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի ներկայացուցիչ Վարդան Պօղոսեան իր ելոյթին մէջ ներկայացուցած էր բոլոր այն փոփոխութիւնները, որոնք կատարուած են պատգամաւորներու առաջարկներուն հիման վրայ: Ան նշած է, որ պատգամաւորներու առաջարկներուն հիման վրայ կատարուած բոլոր փոփոխութիւնները արժանացած են Հայաստանի նախագահի համաձայնութեան եւ այդ տեսքով ալ նախագիծը ներկայացուած է Ազգային Ժողովի քուէարկութեան:
«Ո՛Չ»ի Ճակատը պիտի սկսի մարզային այցելութիւններու
Ազգային Ժողովին մէջ սահմանադրական բարեփոխումներու նախագիծի քուէարկութեան ընթացքին, շէնքին առջեւ «Ո՛Չ»ի Ճակատի բողոքի ցոյց ընողներուն եւ ոստիկանութեան միջեւ բախումներ տեղի ունեցան:
Ազատութեան հրապարակէն երթով Բաղրամեան եկած ցուցարարները խորհրդարանի ճաղերուն զետեղեցին «Ո՛Չ»ի մեծ պաստառ: Երեւանի փոխ-ոստիկանապետ Վալերի Օսիպեանի հրամանով ոստիկանները քանի մը անգամ փորձեցին վերցնել պաստառը` պնդելով, որ ատիկա օրէնքի խախտում է: Քիչ ետք խորհրդարանի շէնքէն դուրս եկան «Ո՛Չ»ի ճակատին միացած Հայ Ազգային Քոնկրեսի պատգամաւորներ Լեւոն Զուրաբեան եւ Արամ Մանուկեան, որոնք սկսան բանակցիլ Օսիպեանի հետ:
Բանակցութեան իբրեւ արդիւնք որոշուեցաւ, որ պատգամաւոր Արամ Մանուկեան ելոյթ ունենայ, յետոյ պաստառը ճաղերուն վրայէն վերցուի: Մօտ մէկ վայրկեան ետք Երեւանի փոխ-ոստիկանապետ Օսիպեան դժգոհեցաւ, որ ելոյթը երկար է, եւ ոստիկանները պաստառը վերցնելու այլ անյաջող փորձ մըն ալ կատարեցին:
Քիչ ետք Բաղրամեան պողոտայ եկան ոստիկանական յաւելեալ ուժեր, եւ կարմիր գդակաւորներու ջոկատը 21 ցուցարար բերման ենթարկեց: Ամէն ինչ այնքան արագ եղաւ, որ երկու կարմիր գդակաւորներ փորձեցին բերման ենթարկել նոյնիսկ պատգամաւոր Արամ Մանուկեանը: Ընդդիմադիր պատգմաւորին ոստիկանական ինքնաշարժէն դուրս հանեց Վալերի Օսիպեան:
Քիչ անց բերման ենթարկուածները, որոնց մէջ էին «Չէ՛ք անցկացնի» նախաձեռնութեան անդամները, տեղափոխուեցան Արաբկիրի ոստիկանութիւն: «Ո՛Չ»ին միացած պատգամաւորներն ալ վերադարձան խորհրդարանի դահլիճ` քուէարկութեանը մասնակցելու: «Ո՛Չ»ի ճակատէն Արմէն Գրիգորեան ըսաւ, որ «նման պատկեր իրենք կը կանխատեսէին, ասիկա պայքարի նոր սկիզբ կը նկատուի: Վաղուընէ սկսեալ Նախաձեռնութիւնը մարզային այցելութիւններ պիտի կատարէ»:
Արամ Մանուկեան աւելի ուշ «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ ոստիկանական գործողութիւնները «քաղաքական ճնշում» էին: Միւս կողմէ, Արամ Մանուկեանը բերման ենթարկելու փորձին մասին խօսելով` գնդապետ Օսիպեան ընդգծեց, որ ոստիկանները պարտաւոր չէին ճանչնալու Հայաստանի անկախութեան հռչակագիրը ընթերցած պատգամաւորը: «Ոստիկանները պարտաւոր չեն Արամ Մանուկեանը ճանչնալու իբրեւ Ազգային Ժողովի պատգամաւոր»,- յայտնեց փոխ-ոստիկանապետը:
Աւելի ուշ բերման ենթարկուածները ազատ արձակուեցան:
Անկէ ետք ոստիկանութիւնը պարզաբանում հրապարակեց պատգամաւոր Արամ Մանուկեանը բերման ենթարկելու փորձին վերաբերեալ:
Մասնագիտական յանձնախումբը ընդունած է Հ.Յ.Դ. առաջարկները
Ազգային Ժողովին մէջ, սահմանադրական բարեփոխումներու նախագիծի քուէարկութեան ընթացքին, Ազգային Ժողովի նախագահ Գալուստ Սահակեան նշեց, որ մասնագիտական յանձնախումբի ներկայացուցիչի ելոյթէն ետք սահմանադրական փոփոխութիւններու նախագիծը անմիջապէս պիտի դրուի քուէարկութեան:
Մասնագիտական յանձնախումբի անդամ Վարդան Պօղոսեան իր ելոյթին ընթացքին նշեց, որ քուէարկութեան դրուող սահմանադրական փոփոխութիւններու լրամշակուած նախագիծը զգալի փոփոխութիւններու ենթարկուած է պատգամաւորներու բազմաթիւ առաջարկներուն հիման վրայ: Ան մանրամասն կերպով ներկայացուց հիմնական փոփոխութիւնները: Վարդան Պօղոսեան նշեց Հ.Յ.Դ.ի ներկայացուցած այն առաջարկները, որոնք ընդունուած են, յատկապէս` 89րդ յօդուածի մասին առաջարկը, որ կ՛ըսէ, թէ ազգային Ժողովի ընտրութիւնները տեղի կ՛ունենան համամասնական եղանակով: Մինչեւ լրամշակումը՝ Վենետիկի Յանձնաժողովը առաջարկած էր այդ յօդուածը փոփոխութեան ենթարկելու գործը կատարուի ոչ թէ հանրաքուէի, այլ Ազգային Ժողովի պատգամաւորներու որակեալ մեծամասնութեան գոյութեամբ: «Հ.Յ.Դ.ի առաջարկով ատիկա պարտադիր պէտք է դրուի հանրաքուէի, այսինքն` համամասնական ընտրակարգը փոփոխութեան չի կրնար ենթարկուիլ միայն խորհրդարանին կողմէ, եւ այդ պատճառով հանրաքուէի կազմակերպումը անհրաժեշտ է»,- ըսաւ Վարդան Պօղոսեան:
Ան նշեց, որ Հ.Յ.Դ.ի միւս առաջարկը կը վերաբերէր կայուն մեծամասնութեան ձեւաւորման երկրորդ հանգրուանի կազմակերպման, որուն պարագային կը թոյլատրուի կազմել դաշինքներ: «Ատիկա շատ կարեւոր դրոյթ է, կը պարտադրէ ընտրական օրէնսգիրքին` երկրորդ հանգրուանի կազմակերպումէն առաջ կարելիութիւն տալ առանձին կուսակցութիւններու նոր դաշինքներ կազմելու»,- ըսաւ Վարդան Պօղոսեան: