Print
Category: Հայաստան-Արցախ

alt2 Հոկտեմբերին տեղի ունեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարութեան 7րդ տարեդարձին նուիրուած ձեռնարկ եւ նախարարութեան քաղաքացիական ծառայողներու երդման հանդիսաւոր արարողութիւն, որուն ներկայ գտնուեցան Ազգային Ժողովի նախագահ Գալուստ Սահակեան, պետական, հասարակական, համահայկական եւ հոգեւոր կառոյցներու ներկայացուցիչներ, մտաւորականներ եւ արուեստագէտներ:
Առաւօտեան սփիւռքի նախարարութեան աշխատակիցները այցելած էին Ծիծեռնակաբերդ եւ Եռաբլուր, ծաղիկներ զետեղած հայ ազատամարտիկներու եւ Հայոց Ցեղասպանութեան անմեղ զոհերու յուշակոթողներուն:
Հանդիսութեան բացումին օրհնութեան խօսքով հանդէս եկաւ  Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինէն Նաթան Արք. Յովհաննիսեան, ապա տեղի ունեցաւ քաղաքացիական ծառայութեան յայտարարուած մրցումին յաջողած եւ սահմանուած փորձաշրջանը անցած 11 քաղաքացիական ծառայողներու երդման արարողութիւնը:
Քաղաքացիական ծառայողներուն վկայականները յանձնեց Ազգային Ժողովի նախագահ Գալուստ Սահակեան: Ան շնորհաւորեց բոլոր քաղաքացիական ծառայողները՝ պաշտօն ստանձնելու եւ սփիւռքի նախարարութիւնը՝ անոր 7րդ տարեդարձին առիթով:
Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան: Սփիւռքի նախարարը շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր մտաւորականներուն, մշակոյթի գործիչներուն, որոնք ամէն ջանք ու եռանդ ներդրեցին՝ օգնելով նախարարութեան կայացման գործին: Ան յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր նախարարութիւններուն, որոնք համագործակցած են սփիւռքի նախարարութեան հետ եւ հայ դիւանագէտներուն՝ համայնքներուն մէջ իրականացուող աշխատանքներուն  համար:
Գնահատանքի խօսքով հանդէս եկաւ Քաղաքացիական Ծառայութեան Խորհուրդի նախագահ Մանուէլ Բադալեան:
Երաժիշտ Տիգրան Մանսուրեան յիշեց Շահան Շահնուրի «Նահանջը առանց երգի» վէպը եւ նշեց, որ սփիւռքի նախարարութեան խնդիրը հայ հեղինակին նշած այդ նահանջը կանգնեցնելն է: «Ուրախ եմ, որ ձեր ծրագիրներուն շնորհիւ աշխարհասփիւռ հայ պատանիներն ու երիտասարդները մեծ ոգեւորութեամբ կու գան Հայաստան: 7ամեայ ճամբան պետական համակարգին համար կրնար միայն կայացման ճամբայ ըլլալ, մինչդեռ այսօր մենք կը տեսնենք այդ համակարգին կողմէ իրականացուող հայապահպանութեան միտուած մեծ աշխատանք»:
Սփիւռքի նախարարութեան գործունէութիւնը բարձր գնահատեցին Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ Գառնիկ Մկրտիչեան, Հ.Օ.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ Վիգի Մարաշլեան, Հ.Բ.Ը.Մ.ի հայաստանեան ներկայացուցչութեան տնօրէն Յովիկ Էօորտեքեան, Համաշխարհային Հայկական Քոնկրեսի փոխ¬նախագահներ Արամ Սարգսեան եւ Վլատիմիր Աղայեան, «Սուրիահայերու Հիմնախնդիրները Համակարգող Կեդրոն» հասարակական կազմակերպութեան նախագահ Լենա Հալլաճեան:
Հանդիսութեան գեղարուեստական մասով՝ երաժշտական կատարումներով եւ ասմունքով հանդէս եկան Անահիտ Սահակեան, Վլատիմիր Ահարոնեան, «Ծաղկազարդ» համոյթը, Ջիվան Սարգսեան: