2էն 3 Հոկտեմբերի լուսցող գիշերուան ընթացքին, Լեռնային Ղարաբաղի եւ Ատրպէյճանի զօրքերու շփման գիծին վրայ, հակառակորդին կողմէ զինադադարի պահպանման դրութիւնը խախտուած է շուրջ 130 անգամ, որուն ընթացքին, տարբեր տրամաչափի հրաձգային զինատեսակներէ, ինչպէս նաեւ 60 (107 արկ) եւ 82 (16 արկ) միլլիմեթրնոց ականանետերէ ու ՀԱՆ-17 (70 արկ) տիպի նռնականետէ հայ դիրքապահներուն ուղղութեամբ արձակուած է աւելի քան 2000 կրակոց:
Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանութեան նախարարութեան փոխանցումով՝ պաշտպանութեան բանակի յառաջապահ զօրամասերուն կողմէ ձեռնարկուած պատասխան գործողութիւններուն իբրեւ հետեւանք` հակառակորդին նախայարձակ գործողութիւնները կասեցուած են, պաշտպանութեան բանակը կորուստներ չունի:
Ամփոփելով շփման գիծին վրայ անցած մէկ շաբաթը՝ Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանութեան նախարարութիւնը նաեւ կը տեղեկացնէ, որ 27 Սեպտեմբերէն 3 Հոկտեմբերի ժամանակաշըրջանին ղարաբաղեան-ատրպէյճանական հակամարտ զօրքերու շփման գիծին վրայ հակառակորդին կողմէ զինադադարի պահպանման դրութիւնը խախտուած է շուրջ 900 անգամ, որուն ընթացքին, տարբեր տրամաչափի հրաձգային զինատեսակներէ, ինչպէս նաեւ 60, 82 եւ 120 միլլիմեթրնոց ականանետերէ եւ Ռպ.-7, Սպ.-9 եւ Հան-17 տիպի նռնականետերէ, հայ դիրքապահներուն ուղղութեամբ արձակուած է աւելի քան 9000 կրակոց:
Նշուած ժամանակաշրջանին հայկական դիրքերուն ուղղութեամբ հակառակորդը կիրարկած է ԹՐ-107 տիպի հեռահար հրթիռահրետանային կայանք: Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանութեան նախարարութեան կայքին փոխանցումով՝ պաշտպանութեան բանակի յառաջապահ զօրամասերը կը տիրապետեն իրադրութեան եւ անհըրաժեշտութեան պարագային կը դիմեն կանխարգելիչ եւ պատժիչ գործողութիւններու: Ընդհանուր առմամբ, Սեպտեմբեր ամսուան ընթացքին հակառակորդին կողմէ զինադադարի պահպանման դրութիւնը խախտած է շուրջ 4000 անգամ, որուն ընթացքին հայ դիրքապահներուն ուղղութեամբ արձակուած է աւելի քան 60.000 կրակոց: «Հակառակորդի ոչ մէկ նախայարձակ գործողութիւն անպատիժ մնացած է, իսկ իրերու նման դասաւորութեան շարունակութեան պարագային հայկական կողմին ձեռնարկած քայլերը պիտի ըլլան աւելի զօրաւոր, հետեւանքները` ցաւոտ»,- նշուած է Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանութեան նախարարութեան հաղորդագրութեան մէջ: