Print
Category: Հայաստան-Արցախ

altԵ­րե­ւա­նի մէջ ա­ռա­ջին ան­գամ ըլ­լա­լով տե­ղի ու­նե­ցաւ մի­ջազ­գա­յին կի­սա­մա­րա­թո­նը, որ ներա­ռուած է «Է­րե­բու­նի-Ե­րե­ւան 2797»ին նո­ւի­րո­ւած մի­ջո­ցա­ռում­նե­րու շար­քին: ­Կի­սա­մա­րա­թո­նը կը վա­յե­լէր ­Հա­յաս­տա­նի ե­րի­տա­սար­դու­թեան եւ մարմ­նակր­թու­թեան նա­խա­րա­րու­թեան, Ե­րե­ւա­նի քա­ղա­քա­պե­տու­թեան, ­Հա­յաս­տա­նի Ազ­գա­յին Ո­ղիմ­պիա­կան ­Կո­մի­տէին եւ ­Հա­յաս­տա­նի Աթ­լե­թիզ­մի ­Ֆե­տե­րա­սիո­նին հո­վա­նա­ւո­րու­թիւ­նը: ­Հա­յաս­տա­նի ե­րի­տա­սար­դու­թեան եւ մարմ­նակր­թու­թեան նա­խա­րար Գ. ­Ղա­զա­րեան ան­ձամբ պար­գե­ւատ­րեց կի­սա­մա­րա­թո­նին (21.097 քմ) յաղ­թա­նակ­ներ նո­ւա­ճած տղաքն ու աղ­ջիկ­նե­րը: Մր­ցու­մը ա­ւար­տած բո­լոր մաս­նա­կից­նե­րը ստա­ցան վազ­քի հա­մար նա­խա­տե­սո­ւած յա­տուկ մար­զա­շա­պիկ­ներ եւ մե­տալ­ներ, իսկ յաղ­թող­նե­րը պար­գե­ւատ­րո­ւե­ցան նաեւ բա­ժակ­նե­րով եւ ստա­ցան դրա­մա­կան նո­ւէր­ներ: ­Վազ­քին մաս­նա­կից­ներն ու հիւ­րե­րը ա­նակն­կալ­ներ ստա­ցան կի­սա­մա­րա­թո­նին մաս­նակ­ցող ֆրան­սա­հայ աշ­խար­հահռ­չակ ֆութ­պո­լիստ Եու­րի ­Ճոր­քա­յե­ֆէն:

­«Եր­ջա­նիկ կ­՛ըլ­լա­յի, ե­թէ գլխա­ւո­րէի Հա­յաս­տա­նի հա­ւա­քա­կա­նը»

Ե­րե­ւա­նի «­Փիւ­նիկ» մար­զա­դաշ­տին վրայ ­Շա­բաթ՝ 3 ­Հոկ­տեմ­բե­րին տե­ղի ու­նե­ցաւ ֆութ­պո­լի բա­րե­գոր­ծա­կան մրցում մը` «Աք­պա Ք­րե­տիթ Ակ­րի­քոլ» դրա­մա­տան եւ ­Հա­յաս­տա­նի լրագ­րող­նե­րու հա­ւա­քա­կա­նին մի­ջեւ: Մր­ցու­մին մաս­նակ­ցե­ցան աշ­խար­հահռ­չակ ֆրան­սա­հայ ֆութ­պո­լիստ Եու­րի ­Ճոր­քա­յեֆ եւ ­Հա­յաս­տա­նի հա­ւա­քա­կա­նի նախ­կին մար­զիչ ­Վար­դան ­Մի­նա­սեան: Մր­ցու­մէն ետք ­Ճոր­քա­յեֆ զրու­ցեց լրագ­րող­նե­րուն հետ: «­Հա­յաս­տան հաս­նե­լուս պէս հիա­նա­լի կը զգամ: ­Հա­ճե­լի է, երբ կը տես­նեմ, թէ զիս հոս որ­քա՛ն կը սի­րեն: Այս­տեղ ա­մէն ինչ հիա­նա­լի է»,- ը­սաւ ա­նո­ւա­նի ֆութ­պո­լիս­տը: Լ­րագ­րող­նե­րէն մէ­կուն այն հար­ցու­մին, թէ կ­՛ու­զէ՞ր գլխա­ւո­րել ­Հա­յաս­տա­նի ազ­գա­յին հա­ւա­քա­կա­նը, ֆրան­սա­հայ ֆութ­պո­լիս­տը պա­տաս­խա­նեց.- «Ա­տի­կա իմ ձեռքս չէ, բայց ին­ծի հա­մար շատ հա­ճե­լի կ­՛ըլ­լար: ­Հա­յաս­տան իմ նախ­նի­նե­րուս հայ­րե­նիքն է: Եր­ջա­նիկ կ­՛ըլ­լա­յի, ե­թէ գլխա­ւո­րէի ­Հա­յաս­տա­նի հա­ւա­քա­կա­նը»: