Print
Category: Հայաստան-Արցախ

­Նա­խա­գահ ­Սերժ ­Սարգ­սեան ­Շա­բաթ՝ 3 ­Հոկ­տեմ­բե­րին ըն­դու­նած է ­Հա­ւա­քա­կան Անվ­տան­գու­թեան ­Պայ­մա­նա­գի­րի կազ­մա­կեր­պու­թեան (Հ.Ա.Պ.Կ.) գլխա­ւոր քար­տու­ղար ­Նի­քո­լայ ­Պոր­տիւ­ժան: ­Նա­խա­գա­հի կայ­քին փո­խան­ցու­մով՝ զրու­ցա­կից­նե­րը քննար­կած են ­Տու­շան­պէի մէջ տե­ղի ու­նե­ցած Հ.Ա.Պ.Կ.ի ­Հա­ւա­քա­կան Անվ­տան­գու­թեան ­Խոր­հուր­դի նստաշր­ջա­նին ըն­դու­նո­ւած ո­րո­շում­նե­րուն կա­տար­ման ըն­թաց­քը եւ կազ­մա­կեր­պու­թեան մէջ ­Հա­յաս­տա­նի նա­խա­գա­հու­թեան ա­ռաջ­նա­հեր­թու­թիւն­նե­րուն վե­րա­բե­րող հար­ցեր:

­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գա­հը եւ Հ.Ա.Պ.Կ.ի գլխա­ւոր քար­տու­ղա­րը անդ­րա­դար­ձած են կով­կա­սեան շրջա­նին մէջ անվ­տան­գու­թեան ա­պա­հով­ման հար­ցե­րուն: ­Նաեւ՝ «քննար­կած են վեր­ջին օ­րե­րուն հայ-ատր­պէյ­ճա­նա­կան պե­տա­կան սահ­մա­նին եւ ղա­րա­բա­ղեան-ատր­պէյ­ճա­նա­կան ու­ժե­րու շփման գի­ծին վրայ զի­նա­դա­դա­րի խախտ­ման հե­տե­ւան­քով յա­ռա­ջա­ցած ի­րա­վի­ճա­կը»,- նշո­ւած է նա­խա­գա­հի կայ­քէ­ջով հրա­պա­րա­կո­ւած հա­ղոր­դագ­րու­թեան մէջ:

Նալբանդեան ընդունած է Պորտիւժան

Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Է­դուարդ ­Նալ­բան­դեան 3 ­Հոկ­տեմ­բե­րին ըն­դու­նած է ­Հա­ւա­քա­կան Անվ­տան­գու­թեան ­Պայ­մա­նա­գի­րի ­Կազ­մա­կեր­պու­թեան (Հ.Ա.Պ.Կ.) գլխա­ւոր քար­տու­ղար ­Նի­քո­լայ ­Պոր­տիւ­ժան:

Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թեան մամ­լոյ եւ տե­ղե­կա­տո­ւու­թեան վար­չու­թեան փո­խան­ցու­մով` զրու­ցա­կից­նե­րը անդ­րա­դար­ձած են ­Տու­շան­պէի մէջ տե­ղի ու­նե­ցած Հ.Ա.Պ.Կ.ի ­Հա­ւա­քա­կան անվտան­գու­թեան խոր­հուր­դի նստաշրջա­նի ո­րո­շում­նե­րուն կա­տար­ման ըն­թաց­քին եւ քննար­կած կազ­մա­կեր­պու­թեան մէջ ­Հա­յաս­տա­նի նա­խա­գա­հու­թեան վե­րա­բե­րող հար­ցեր:

Ի լրումն ան­ցեալ շա­բաթ ­Նիւ Եոր­քի մէջ տե­ղի ու­նե­ցած Հ.Ա.Պ.Կ.ի ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար­նե­րու հան­դի­պու­մին քննար­կո­ւած ­Հա­յաս­տա­նի եւ Ազըր­պէյ­ճա­նի սահ­մա­նին ու ղա­րա­բա­ղեան-ատր­պէյ­ճա­նա­կան շփման գի­ծին վրայ զի­նա­դա­դա­րի խախտ­ման հե­տե­ւան­քով ստեղ­ծո­ւած ի­րա­վի­ճա­կին` զրու­ցա­կից­նե­րը անդ­րա­դար­ձած են ի­րադ­րու­թեան առն­չո­ւող խնդիր­նե­րուն:

­Կող­մե­րը բարձր գնա­հա­տած են ­Հա­յաս­տա­նի մէջ տե­ղի ու­նե­ցած Հ.Ա.Պ.Կ.ի ­Հա­ւա­քա­կան ­Խա­ղա­ղա­պահ Ու­ժե­րու «Ան­խախ­տե­լի Եղ­բայ­րու­թիւն-2015» ռազ­մա­փոր­ձե­րը:

­Պոր­տիւ­ժա.- «Ատր­պէյ­ճա­նի կող­մէ խա­ղաղ բնակ­չու­թեան ռմբա­կո­ծու­մը մե­զի հա­մար ա­նըն­դու­նե­լի է»

­

Հա­ւա­քա­կան Անվ­տան­գու­թեան ­Պայ­մա­նա­գի­րի ­Կազ­մա­կեր­պու­թեան (Հ.Ա.Պ.Կ.) ընդ­հա­նուր քար­տու­ղար ­Նի­քո­լայ ­Պոր­տիւ­ժա «­Բաղ­րա­մեան» ռազ­մա­փոր­ձին ըն­թաց­քին լրագ­րող­նե­րուն յայտ­նած է, որ Հ.Ա.Պ.Կ.ի հա­մար վեր­ջին շրջա­նին հայ-ատր­պէյ­ճա­նա­կան սահ­մա­նին վրայ տե­ղի ու­նե­ցա­ծը ա­նըն­դու­նե­լի է:

«­Մե­զի հա­մար ա­նըն­դու­նե­լի է, որ ռմբա­կո­ծո­ւած են ­Հա­յաս­տա­նի տա­րածք­նե­րը, ծանր զի­նա­տե­սակ­ներ օգ­տա­գոր­ծո­ւած են խա­ղաղ բնակ­չու­թեան դէմ: Այդ­պի­սի դէպ­քե­րը մե­զի հա­մար բա­ցար­ձա­կա­պէս ա­նըն­դու­նե­լի են»,- յայ­տա­րա­րած է ­Պոր­տիւ­ժա:

Հ.Ա.Պ.Կ.ի ընդ­հա­նուր քար­տու­ղա­րը նաեւ ընդգ­ծած է, որ զի­րենք կը մտա­հո­գէ այն հան­գա­ման­քը, որ Հ.Ա.Պ.Կ.ի խոր­հուր­դի, կազ­մա­կեր­պու­թեան ան­դամ պե­տու­թիւն­նե­րու ղե­կա­վար­նե­րու ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար­նե­րուն յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րը դրա­ցի երկ­րին` Ատր­պէյ­ճա­նի վրայ ո­րե­ւէ ազ­դե­ցու­թիւն չեն ձգեր: Ան յայտ­նեց, որ մի­ջազ­գա­յին ըն­տա­նի­քը պէտք է ա­մէն ինչ ը­նէ, որ­պէս­զի ­Լեռ­նա­յին ­Ղա­րա­բա­ղի տագ­նա­պը ստա­նայ խա­ղաղ լու­ծում, եւ ի­րա­վի­ճա­կը ա­ւե­լի չսրի:

Ըստ ա­նոր՝ ներ­կա­յիս Ի­րա­քի, ­Սու­րիոյ եւ աշ­խար­հի այլ «թէժ կէ­տե­րուն մէջ» տի­րող ի­րա­վի­ճա­կը հա­շո­ւի առ­նե­լով` պէտք չէ ար­տօ­նել, որ յա­ւե­լեալ «թէժ կէտ» մը յա­ռա­ջա­նայ:

­Պոր­տիւ­ժա նաեւ նշեց.- «Ես կը կար­ծեմ, որ ­Հա­յաս­տա­նի բա­նա­կը ու­նի բո­լոր կա­րե­լիու­թիւն­նե­րը երկ­րին անվ­տան­գու­թիւ­նը, կա­յու­նու­թիւ­նը եւ տա­րած­քա­յին ամ­բող­ջա­կա­նու­թիւ­նը ա­պա­հո­վե­լու հա­մար»:

Այն հար­ցու­մին, թէ ո՛ր պա­հուն Հ.Ա.Պ.Կ. պի­տի մի­ջամ­տէ, ­Պոր­տիւ­ժա պա­տաս­խա­նեց, որ կազ­մա­կեր­պու­թիւ­նը կը մի­ջամ­տէ այն պա­րա­գա­յին, երբ Հ.Ա.Պ.Կ.ի ան­դամ պե­տու­թիւն­նե­րէն մէ­կը ի զօ­րու չ­՛ըլ­լար ա­պա­հո­վե­լու սե­փա­կան անվը­տան­գու­թիւ­նը եւ կա­յու­նու­թիւ­նը: «Այս­տեղ կա­րե­ւոր է նաեւ այն հան­գա­ման­քը, որ պե­տու­թիւ­նը պէտք է ան­ձամբ դի­մէ Հ.Ա.Պ.Կ.ին` օգ­նու­թեան խնդրան­քով: Ե­թէ պե­տու­թիւ­նը կը դի­մէ այդ­պի­սի խնդրան­քով, ­Հա­ւա­քա­կան Անվ­տան­գու­թեան ­Խոր­հուր­դը կը քննար­կէ այդ երկ­րին օգ­նու­թիւն տրա­մադ­րե­լու հար­ցը: Ա­տի­կա կրնայ ըլ­լալ քա­ղա­քա­կան, ե­լեւմ­տա­կան կամ զի­նո­ւո­րա­կան օգ­նու­թիւն: Ա­մէն ինչ կա­խեալ է Անվ­տան­գու­թեան ­Խոր­հուր­դի ո­րո­շու­մէն, սա­կայն հիմ­քը այն կա­րե­ւոր հան­գա­մանքն է, որ պե­տու­թիւ­նը պէտք է ան­ձամբ օգ­նու­թեան խնդրան­քով դի­մէ»,- ա­ւել­ցու­ցած է ան: