Հայաստան կը պատրաստուի աւելցնելու Իրանի Իսլամական Հանրապետութենէն (Ի.Ի.Հ.) ներմուծուող կազի ծաւալները` միաժամանակ աւելցնելով ելեկտրականութեան արտահանումը Իրան: Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»ը` վկայակոչելով իրանական լրատուամիջոցները, Թեհրանի մէջ կայացած հանդիպման ըն թացքին նման պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերած են Հ.Հ. ելեկտրականութեան եւ բնական պաշարներու նախարար Երուանդ Զաքարեան եւ Իրանի քարիւղի նախարար Պիջան Զանգանեհ:
Ի.Ի.Հ. նախարարը նշած է, որ այդ հարցով հայ-իրանական համագործակցութեան ձեւաչափը պիտի շարունակուի մնալ նոյնը` աւելցնելով, որ գործարքի մանրամասնութիւնները պիտի քննարկուին յառաջիկային:
Զանգանեհի փոխանցմամբ` Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Յովիկ Աբրահամեանի պաշտօնական հրաւէրով մօտ օրերս Հայաստան պիտի այցելէ Իրանի վարչապետ Էսհաղ Ջահանգիրի: Հայաստանի եւ Իրանի միջեւ «Իրան-Հայաստան կազատարի կառուցման պայմանագիրը» կնքուած է 2004 թուականին:
Իրանի կազի արտահանման ազգային ընկերութեան կառավարիչ տնօրէն Ալիրեզա Քամելի «Շանա» գործակալութեան տուած հարցազրոյցի ընթացքին յայտնած է, որ Իրան հնարաւորութիւն ունի տարեկան մօտ 2,3 միլիառ խորանարդ մեթր կազ արտահանելու Հայաստան:
Ներկայիս շահագործուող կազատարի միջոցով օրական կարելի է արտահանել 6 միլիոն խորանարդ մեթր կազ, այնինչ միայն 3 միլիոն կ՛արտահանուի: «Քանի որ անհըրաժեշտ ենթակառուցուածքները չկան Հայաստանի մէջ, երկիրը չի կրնար լիովին օգտուիլ կազատարի հնարաւորութիւններէն»,- նշած է Քամելին: Իրանցի պաշտօնեան նաեւ աւելցուցած է, որ Հայաստան ներկայիս կը նախատեսէ կառուցել նոր` 400 քիլօվաթնոց ելեկտրահաղորդման գիծ եւ խնդրած է Իրանի մատակարարել նոր գործարանի գործարկման համար անհրաժեշտ բնական կազ: