Print
Category: Հայաստան-Արցախ

Հոկտեմբեր 4-9ը Երեւանի մէջ տեղի կþունենայ Հայ Օգնութեան Միութեան (Հ.Օ.Մ.) 71րդ Համահայկական Պատգամաւորական Ժողովը:
Հոկտեմբեր 4ին, Double Tree by Hilton հիւրանոցին մէջ, տեղի ունեցաւ ժողովի բացման պաշտօնական արարողութիւնը:
Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկան Հ.Հ. սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան, Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի անդամ Յակոբ  Տէր-Խաչատուրեան, Հ.Օ.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետուհի Վիգի Մարաշլեան, Հ.Օ.Մ.ի Հայաստանի Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչը:
Կարեւորելով Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեան զարգացումը, Հայրենիք¬Սփիւռք գործակցութեան մէջ մշակութային, կրթական, ընկերային, առողջապահական եւ քարոզչական ծրագիրներու իրականացումը Հ.Հ. սփիւռքի նախարարութեան եւ Հայ Օգնութեան Միութեան (Հ.Օ.Մ.) միջեւ կը կնքուի համագործակցութեան յուշագիր: