Յանուն միջազգային խաղաղութեան «Քարնեկի» հիմնադրամի վերլուծաբան Թոմաս տէ Վաալ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի կողմէ լայնածաւալ ռազմական գործողութիւններ սկսելու հետաքրքրութիւն չի տեսներ: Հոկտեմբեր 2ին Լ.Ղ. հակամարտութեան գօտիի մէջ իրավիճակի սրման թեմայով կազմակերպուած քննարկման ժամանակ Թոմաս տէ Վաալ միացած էր տեսակամուրջի միջոցով: Ան ընդգծած է, որ հայկական կողմի համար պատերազմը ձեռնտու չէ, քանի որ իրավիճակը անոր օգտին է, իսկ Ատրպէյճանի համար պատերազմը մեծ վտանգ է, կը հաղորդէ «Արմէնփրես»:
«Յայտնի չէ, թէ ինչով կ’աւարտի պատերազմը Ատրպէյճանի համար: Ատիկա առաջին հերթին մեծ վտանգ է Ատրպէյճանի մէջ գործող վարչակարգին համար: Անոնք այդպիսի ռազմական կորողութիւն չունին, որպէսզի լայնածաւալ ռազմական գործողութիւններ սկսին: Միեւնոյն ժամանակ, յայտնի չէ, թէ ինչպէս կ’արձագանգէ Ռուսիան, եթէ Ատրպէյճան պատերազմ սկսի»,- ըսած է ան:
Թոմաս տէ Վաալ ընդգծած է, որ հակառակ ատոր` Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւնը աւելի սրուած է, քանի որ յատկապէս ատրպէյճանական կողմը շփման գիծին վրայ սկսած է մեծցնել զինատեսակներու տրամաչափը, ինչ որ շատ վատ է: «Ասիկա կը վկայէ այն մասին, որ շփման գիծին վրայ լարուածութիւնը կրնայ աւելի աճել, որ կը յանգեցնէ տասնեակ զոհերու: Սա կրնայ լուրջ հարուած ըլլալ հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման գործընթացին»,- ըսած է վերլուծաբանը:
Ան ընդգծած է, որ Ե.Ա.Հ.Կ. Մինսկի խումբը կը շարունակէ աշխատիլ հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման ուղղութեամբ` աւելցնելով, որ անոր հիմնական առաջադրանքը դարձած է կարգավիճակի պահպանումը, բանակցող կողմերու նախագահներուն` տարեկան գոնէ մէկ անգամ հանդիպման ապահովումը իրավիճակը վերահսկողութեան տակ պահելու համար:
«Սա Մինսկի խումբի նուազագոյն առաջադրանքն է, իսկ առաւելագոյն առաջադրանքը, ի հարկէ, հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման հասնիլն է: Սակայն անհասկանալի է, թէ ինչպէս կարելի է հասնիլ խաղաղ կարգաւորման: Տեսէք Ուքրանիոյ օրինակը. բոլորը կը ցանկան, որպէսզի այնտեղ խաղաղութիւն հաստատուի, սակայն իրարու նկատմամբ անվըստահութիւնը եւ առկայ հակասութիւնները թոյլ չեն տար ատոր հասնելու: Նոյն իրավիճակը Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան շուրջ է: Իրավիճակն իսկապէս շատ վտանգաւոր է, սակայն ամենամեծ վտանգը կրնայ թեթեւ սխալի մը պատճառով շփման գիծին վրայ լարուածութեան աննախադէպ աճի վերածուիլ»,- եզրափակած է տէ Վաալ: