Print
Category: Հայաստան-Արցախ

Հա­յաս­տան­ցի եր­կա­մեայ Գո­ռը, որ իր տա­րի­քին հա­մար ար­տա­սո­վոր աշ­խար­հագ­րա­կան գի­տե­լիք­նե­րու շնոր­հիւ կարճ ժա­մա­նա­կի մէջ դար­ձած է հա­մա­ցան­ցի սի­րե­լին, գի­տէ 90 եր­կիր­նե­րու մայ­րա­քա­ղաք­նե­րու ա­նուն­նե­րը։ Փոք­րի­կի մայ­րը՝ Ան­նա Հա­լա­ճեան ըն­կե­րա­յին ցան­ցե­րու օգ­տա­տէր­նե­րուն եւ մա­մու­լին յայտ­նեց, որ Գո­ռը այս ա­մէ­նը սոր­ված է ե­րեք ամ­սո­ւայ մէջ։ «­Յա­տուկ նպա­տակ չեմ ու­նե­ցած, որ ի­րեն սոր­վեց­նեմ մայ­րա­քա­ղաք­նե­րը։ Մէկ քա­նի մայ­րա­քա­ղաք­նե­րու ա­նուն­նե­րը ը­սած էի, լսած էր, օր մըն ալ լսե­ցի, որ ինքն ի­րեն օ­րուայ ըն­թաց­քին կը կրկնէ։ Հասկցայ, որ կրնայ սոր­վիլ ու կա­մաց կա­մաց սոր­վե­ցու­ցի»,- պատ­մեց մայ­րը։

Մինչ իր տա­րե­կից­նե­րէն շա­տեր դեռ չեն սկսած խօ­սե­լու, եր­կա­մեայ Գոռ ա­ռանց դժո­ւա­րու­թեան կ­’ար­տա­սա­նէ նոյ­նիսկ ա­մէ­նէն դժո­ւար ա­նուն­նե­րը եւ յստակ ար­տա­սա­նու­թեան հա­մար զինք կը խան­գա­րէ միայն ման­կա­կան թո­թո­վա­խօ­սու­թիւ­նը։ «­Շատ ա­րագօ­րէն կ­’ըն­կա­լէ, ա­մէն ինչ կը սոր­վի։ Ան­գամ մը լսա­ծը չի մոռ­նար»,- կը պատ­մէ ե­րե­խա­յի մայ­րը։ Գոռ ա­ռա­ջին բա­ռե­րը ար­տա­սա­նած է եօ­թը ամ­սա­կա­նին։ Եր­կու տա­րե­կա­նին փոք­րի­կը ար­դէն կը հա­շո­ւէ հա­յե­րէն, ռու­սե­րէն ու անգ­լե­րէն։

«­Շատ կը սի­րէ գիրք, գրիչ, թուղթ, կ­’ու­զէ գրել. նկա­րել. կը պա­հան­ջէ, որ սոր­վեց­նեմ ի­րեն։ Կ’ը­սէ, եր­թանք սոր­վինք, ին­ծի հա­մար նկա­րէ»,- կը յայտ­նէ փոք­րի­կին մայ­րը։ Տե­սա­նիւ­թը կա­րե­լի է դի­տել հե­տե­ւեալ հաս­ցէով.- https://www.youtube.com/watch?v=wSg3wFVyhCA