Print
Category: Հայաստան-Արցախ

ՀՀ վարչապետ Տիգրան Սարգսեան Նոյեմբեր 18ին երկօրեայ այցով մեկնեցաւ Պաթում, ուր նոյն օրը հանդիպում ունեցաւ իր պաշտօնակից՝ Նիքա Կիլաուրիի հետ:


Վրաստանի վարչապետը յոյս յայտնեց որ հայ-վրացական միջկառավարական յանձնաժողովին նիստը անցնի արդիւնաւէտ մթնոլորտի մէջ:
Տիգրան Սարգսեան, իր կարգին, շնորհակալութիւն յայտնեց ջերմ ընդունելութեան համար եւ նշեց, որ համագործակցութեան ընդլայնման նպատակով ստեղծուած են հնարաւորութիւններ: Քննարկուեցան երկկողմ հետաքրքրութիւն ներկայացնող շարք մը հարցեր:
Այսօր պիտի կայանայ հայ-վրացական միջկառավարական համատեղ յանձնաժողովին նիստը: