-
Details
-
Category: Հայաստան-Արցախ
-

Լ.Ղ.Հ. Ազգային Ժողովի մամլոյ ծառայութիւնը կը տեղեկացնէ, թէ Աշոտ Ղուլեանի նախագահութեամբ Սեպտեմբեր 30ին տեղի ունեցած է Լ.Ղ.Հ. Ազգային Ժողովի 2րդ նստաշրջանի առաջին նիստը: Նախքան օրէնսդրական աշխատանքներու անցնիլը, պատգամաւորները մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգած են վերջին օ րերուն՝ ատրպէյճանական զինուժին կողմէ Հ.Հ. Տաւուշի մարզի գիւղերուն եւ Լ.Ղ.Հ. հիւսիս-արեւելեան ուղղութեամբ տեղակայուած զօրամասերէն մէկուն հրետակոծման հետեւանքով զոհուած քաղաքացիներուն եւ զինուորներուն յիշատակը: Ա.Ժ. նախագահը նշած է, որ հրադադարը խախտելու եւ հակամարտութեան գօտիին վրայ իրավիճակը սրելու Պաքուի արկածախնդրութիւնը՝ «վերջին օրերուն դրսեւորուել է աննախադէպ լկտիութեամբ»: Ան ընդգծած է, որ պարբերական զգուշացումներն ու ահազանգները՝ միջազգային հանրութեան, Մ.Ա.Կ.ին, Ե.Ա.Հ.Կ.ին եւ Մինսկի Խմբակի համանախագահ երկիրներուն կողմէ, բաւարար ընկալման չեն արժանանար, ինչի հետեւանքով Պաքուի գործողութիւնները աւելիով կը մօտենան վտանգաւոր եզրագիծի: Ա.Ժ. նախագահը խորհրդարանին անունով երախտագիտութիւն յայտնած է Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան պաշտպանութեան բանակի զինուորներուն ու հրամանատարական կազմին, որոնք «ամէն օր խիզախում են առաջնագծում՝ իրենց գործողութիւններով զսպելով հակառակորդի սանձարձակութիւնները»: