Միաւորուած Ազգերու Կազմակերպութեան Գլխաւոր Համաժողովի 70րդ նստաշրջանին մասնակցելու նպատակով՝ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ գտնուող նախագահ Սերժ Սարգսեան Սեպտեմբեր 29ին հանդիպում մը ունեցաւ Մ.Ա.Կ.ի Գլխաւոր Քարտուղար Պան Քի Մունի հետ: Այս մասին կը յայտնեն նա խագահի աշխատակազմի հասարակութեան եւ տեղեկատուութեան միջոցներու հետ կապերու վարչութենէն:
Նախագահը նախ շնորհաւորած է Գլխաւոր Քարտուղարին Կազմակերպութեան 70ամեայ յոբելեանին առիթով` ընդգծելով, որ Հայաստան 23 տարի առաջ դառնալով Մ.Ա.Կ.ի անդամ, առաջին իսկ օրուընէ զգացած է Կազմակերպութեան աջակցութիւնը պետականութեան կերտման գործին մէջ:
Սերժ Սարգսեան իր գոհունակութիւնը յայտնած է օրեր առաջ «Վերափոխենք աշխարհը. կայուն զարգացման օրակարգ 2030» ծրագրի եզրափակիչ գագաթնաժողովի յաջող աւարտին առիթով, ուր Մ.Ա.Կ.ի գլխաւոր քարտուղարը ունի իր ներդրումը: Հանրապետութեան նախագահը յոյս յայտնած է, որ նոր, համապարփակ ծրագիրը պիտի նպաստէ մոլորակի բնակիչներու կեանքի որակի բարելաւման:
Հանդիպման ընթացքին անդրադարձ եղած է Ղարաբաղեան Հիմնախնդրի կարգաւորման բանակցային գործընթացին: Նախագահը Պան Քի Մունին տեղեկացուցած է գործընթացի ներկայ փուլին, առկայ խնդիրներուն եւ Ատրպէյճանի կողմէ յատկապէս վերջին օրերուն հրադադարի խախտման հետեւանքով հայ-ատրպէյճանական սահմանին եւ Լեռնային Ղարաբաղի հետ շփման գիծին վրայ յառաջացած լարուածութեան մասին, որուն անդրադարձած է նաեւ Մ.Ա.Կ.ի 70րդ Համաժողովի նստաշրջանի ընթացքին: Մ.Ա.Կ.ի Գլխաւոր Քարտուղարը մտահոգութիւն յայտնած է ստեղծուած լարուած իրավիճակի կապակցութեամբ` կարեւորելով Ե.Ա.Հ.Կ. Մինսկի Խումբի համանախագահներու միջնորդութեամբ խնդրի կարգաւորումը:
Զրուցակիցները մտքեր փոխանակած են նաեւ միջազգային արդի խնդիրներու, աշխարհի մէջ տեղի ունեցող մտահոգիչ իրադարձութիւններու` նորանոր հակամարտութիւններու, տարածուող ահաբեկչութեան եւ ծայրայեղականութեան, Միջին եւ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ աճող լարուածութեան շուրջ: