Print
Category: Հայաստան-Արցախ

altՀ.Հ. նա­խա­գահ ­Սերժ ­Սարգսեան Մ.Ա.Կ.ի ամ­պիո­նէն շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նեց ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը ճանչ­ցած պե­տու­թիւն­նե­րուն եւ Ֆ­րան­չիս­կոս Պա­պին` ­Վա­տի­կա­նի մէջ մա­տու­ցո­ւած պատ­մա­կան Պա­տա­րա­գին հա­մար:

Ե­լոյթ ու­նե­նա­լով ­Նիւ Եոր­քի մէջ Մ.Ա.Կ.ի Գլ­խա­ւոր Վե­հա­ժո­ղո­վի 70րդ նս­տաշր­ջա­նի ըն­թաց­քին` նա­խա­գահ ­Սարգ­սեան ընդգծեց, որ ­Ցե­ղաս­պա­նու­թիւն­նե­րու կան­խար­գե­լու­մը մի­ջազ­գա­յին օ­րա­կար­գի վրայ պա­հե­լու ­Հա­յաս­տա­նի հաս­տա­տա­կա­մու­թեան մա­սին կը վկա­յեն ­Մար­դու Ի­րա­ւունք­նե­րու Խոր­հուր­դին մօտ պար­բե­րա­բար ա­ռա­ջադ­րուող բա­նա­ձե­ւե­րը, ո­րոնց­մէ վեր­ջի­նը ըն­դու­նո­ւած է այս տա­րի:

Ա­տոր հի­ման վրայ օ­րեր ա­ռաջ Մ.Ա.Կ.ի Գլխա­ւոր Վե­հա­ժո­ղո­վը ­Դեկ­տեմ­բեր 9ը հռչա­կած է «­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան յան­ցա­գոր­ծու­թեան զո­հե­րու յի­շա­տա­կի ու ար­ժա­նա­պատո­ւու­թեան եւ այդ յան­ցա­գոր­ծու­թեան կան­խար­գել­ման մի­ջազ­գա­յին օր»: «Ան­ցեալ տա­րի` ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան 100րդ ­տա­րե­լի­ցի նա­խա­շե­մին, ես այս ամ­պիո­նից ա­նուն առ ա­նուն շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նե­ցի ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը ճա­նա­չած երկր­նե­րին` կոչ ա­նե­լով ողջ մի­ջազ­գա­յին հան­րու­թեա­նը ճա­նաչ­ման ու դա­տա­պարտ­ման մի­ջո­ցով ցե­ղաս­պա­նու­թիւն­նե­րի կրկնու­թեան դէմ պայ­քա­րին նոր թափ հա­ղոր­դելու: Այ­սօր նոյն այս ամ­պիո­նից շնոր­հա­կա­լու­թիւն եմ յայտ­նում Հ­ռո­մի ­Պապ Ֆ­րան­չիս­կո­սին եւ յի­շա­տա­կում նրա կող­մից մա­տու­ցո­ւած պատ­մա­կան Պա­տա­րա­գը, Եւ­րո­պա­յի Խորհր­դա­րա­նին եւ մատ­նանը­շում նրա ըն­դու­նած բա­նա­ձե­ւը, ­Գեր­մա­նիա­յի նա­խա­գա­հին եւ վստա­հեց­նում, որ նրա յայտ­նի ե­լոյթն այ­սու­հետ լի­նե­լու է մեր ժո­ղովր­դի պատ­մու­թեան է­ջե­րում, Աւստ­րիա­յի, ­Պո­լիվիա­յի, Պ­րա­զի­լիա­յի, ­Լիւք­սեմ­պուր­կի, ­Նի­տեր­լանտ­նե­րի, ­Չի­լիի օ­րէնես­դիր մար­մին­նե­րին, բազ­մա­թիւ երկր­նե­րի նա­հան­գա­յին եւ քա­ղա­քա­յին խոր­հուրդ­նե­րին, ինչ­պէս նաեւ տաս­նեակ ու հա­րիւ­րա­ւոր հա­սա­րա­կա­կան-քա­ղա­քա­կան կա­ռոյց­նե­րին:

Շ­նոր­հա­կա­լու­թիւն եմ յայտ­նում ­Ռու­սաս­տա­նի, Ֆ­րան­սիա­յի, ­Կիպ­րո­սի, ­Սեր­պիա­յի նա­խա­գահ­նե­րին, ինչ­պէս նաեւ բազ­մա­թիւ երկր­նե­րի պա­տո­ւի­րա­կու­թիւն­նե­րին Ապ­րի­լի 24ին Ե­րե­ւա­նում ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան զո­հե­րի ո­գե­կոչ­ման ա­րա­րո­ղու­թեա­նը մաս­նակ­ցե­լու հա­մար»,- նշած է Հ.Հ. նա­խա­գա­հը: