Նոյեմբեր 18ին կայացած պուլկարացի լրագրող Ցվետանա Փասքալեւայի՝ «Ղարաբաղի Վէրքերը» խորագիրով վաւերագրական եօթը շարժանկարներու սկաւառակի շնորհահանդէսին, Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան յայտնեց, թէ այսօր Հայաստանի ամենակարեւոր խնդիրը աշխարհին ապացուցելն է ղարաբաղցիներու պայքարի ճշմարտացիութիւնը:
«Այսօր ռազմական փուլն աւարտուած է: Չեմ ասում, թէ այն այլեւս անհնար է, բայց ներկայ փուլում մենք բոլորս միասին պէտք է պայքարենք եւ աշխարհին ապացուցենք ղարաբաղցիների պայքարի ճշմարտացիութիւնը: Սա շատ կարեւոր հանգամանք է», նշեց Հայաստանի նախագահը, որուն խօսքով, Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը շատ ճիշդ քայլ կատարած է՝ օժանդակելով Փասքալեւայի աշխատանքներու պատրաստման գործին:
Փասքալեւան առաջին անգամ Հայաստան եկած էր 1991ին՝ իր տեսաերիզներով վաւերագրելու համար այդ օրերուն Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ կատարուող իրադարձութիւնները:
Փասկալեւա յայտնեց, որ մի քանի օրով մնալու նպատակով եկած էր Ղարաբաղ, ապա որոշեց մնալ մէկ ամիս, յետոյ՝ չորս ամիս, ապա երբեք չմեկնեցաւ անկէ:
Առաջին տարիներուն շարունակ Ղարաբաղ կը գտնուէր՝ բնակավայրերու մէջ, հիւանդանոցներու եւ խրամատներու մէջ նկարահանելով ամէն ինչ: Ղարաբաղեան պատերազմի ընթացքին իր նկարահանած ֆիլմերը՝ որպէս վաւերագրական նիւթեր, կը պատմէին այն բոլորի մասին, որ տեղի կÿունենար:
Եւ ահա այդ թիւով 7 ֆիլմերը՝ 6 լեզուներով, ամփոփուած են երկու տեսասկաւառակներու մէջ, որոնք 1000 օրինակով թողարկուած են Հայկական երաժշտական կեդրոնի կողմէ, Պաշտպանութեան նախարարութեան օժանդակութեամբ եւ հովանաւորութեամբ:
Շնորհանդի ընթացքին Փասքալեւան տեսասկաւառակներու մայր օրինակները նուիրեց ՀՀ նախագահին:
Սերժ Սարգսեանը շեշտեց, որ Ցվետանա Փասքալեւան հսկայական, անփոխարինելի աշխատանք կատարած է, «իր երիտասարդ կեանքի մի մեծ հատուած եղել է հայ զինուորի, երկրապահի, հայոց հողի պաշտպանի կողքին»:
Յուզուած բայց ուրախ զգացումներով խօսք առնելով Փասքալեւա, ըսաւ, որ այս բոլորը որ ինք իր աչքով տեսաւ ու ապրեցաւ պատերազմի տարիներուն, իրեն ընդմիշտ կապեցին հայ ժողովուրդին հետ: Ան աւելցուց, թէ դիտելով անցած քսան տարիները՝ իրեն համար այսօր ալ շատ դժուար է տեսնել ղարաբաղեան պատերազմի ժամանակ նկարահանուած երիզներու պատկերները եւ վերյիշել այդ պահերը:
«Անոնք բոլորը՝ մեծէն փոքր, ինծի համար հերոսներ էին, իսկական հերոսներ: Եւ ես երբեք չէի կրնար պատկերացնել, որ իմ ուժերը պիտի բաւարարէին իրենց հետ վերապրելու պատերազմի տարիները՝ տեսնելով անոնք ար- ցունքները եւ ամէն օր հասցուած վէրքերը: Հէնց այդ պատճառով ալ այս DVD-ները ես կոչեցի՝ «Ղարաբաղի վէրքերը», - յուզուած ըսաւ Ցվետանա Փասքալեւան: