24 էն 25 Սեպտեմբերի լուսցող գիշերը, ղարաբաղեան-ազրպէյճանական հակամարտ զօրքերու սահմանագիծի ամբողջ երկայնքով, հակառակորդը շարունակած է խախտել զինադադարը:
Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ ծառայութեան փոխանցած տեղեկութիւններով` նշուած ժամանակահատուածին հակառակորդին կողմէ զինադադարը խախտուած է շուրջ 260 անգամ, որուն ընթացքին, տարբեր տրամաչափի հրաձգային զինատեսակներէ, ինչպէս նաեւ 60 եւ 82 մմ.նոց ականանետերէ ու Ռպգ-7, Հան-17 եւ Սպգ-9 տիպի նռնականետերէ, հայ դիրքապահներու ուղղութեամբ արձակուած է աւելի քան 4000 կրակոց: Վերոնշուած զինատեսակներէն բացի հայկական դիրքերուն ուղղութեամբ հակառակորդը կիրարկած է նաեւ թրքական ԹՐ-107 տիպի հեռահար հրթիռահրետանային կայանք:
Պաշտպանութեան բանակի յառաջապահ զօրամասերուն կողմէ ձեռնարկուած պատասխան գործողութիւններուն իբրեւ արդիւնք` հակառակորդին աշխուժութիւնը ճնշուած է:
Պաշտպանութեան բանակի յառաջապահ զօրամասերը կը տիրապետեն իրադրութեան եւ կը շարունակեն վստահօրէն իրականացնել մարտական հերթապահութիւն: 25 Սեպտեմբերին հակառակորդի կրակոցներէն սահմանամերձ Պառաւաքարի մէջ մահացած է 83ամեայ Պայծառ Աղաճանեան, Բերդաւանի մէջ` 94ամեայ Շուշան Ասատրեան եւ 41ամեայ Սոնա Ռեւազեան: Բերդաւանի մէջ կայ նաեւ երկու վիրաւոր:
25 Սեպտեմբերին` ժամը 17:30ի մօտ, ատրպէյճանական զինուած ուժերուն կողմէ թրքական արտադրութեան ԹՐ-107 կայանքներէն հրթիռահրետանային արկակոծման ենթարկուած է պաշտպանութեան բանակի հիւսիս-արեւելեան ուղղութեամբ տեղակայուած զօրամասերէն մէկուն պահպանութեան տեղամասը, որուն արդիւնքով բեկորային մահացու վէրք ստացած են պաշտպանութեան բանակի զինուորական ծառայողներ Նորայր Խաչատրեան (ծնած` 1995ին), Ռոպերթ Մկրտչեան (ծնած` 1995ին), Յարութ Յակոբեան (ծնած` 1997ին) եւ Կարէն Շահինեան (ծնած` 1997ին): Կան վիրաւորներ:
Հայկական կողմը ոչնչացուցած է հակառակորդի յենակէտերէն մէկը. ատրպէյճանցի 5 զինուոր սպաննուած է
Հայաստանի սահմանամերձ Տաւուշի մարզի բնակավայրերուն մէջ իրավիճակը ներկայիս համեմատաբար հանգիստ է, հայ-ատրպէյճանական սահմանին վրայ հակառակորդին կողմէ զինադադարի խախտման դէպքերը նուազած են:
24 Սեպտեմբերի երեկոյեան հայկական զինուած ուժերու պատասխան գործողութիւններուն արդիւնքով կարելի եղած է զսպել հակառակորդին աշխուժութիւնը հայ-ատրպէյճանական սահմանին վրայ, որուն ընթացքին ատրպէյճանական կողմէն կան զոհեր եւ վիրաւորներ:
Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութենէն «Արմէնփրես»ին յայտնած են, որ հայկական կողմը զինուորական զոհեր եւ վիրաւորներ չունի:
Որոշ տեղեկութիւններու համաձայն, հայկական զինուած ուժերը յաջողած են նաեւ ոչնչացնել հայկական Պառաւաքար համայնքին դիմաց գտնուող ատըրպէյճանական յենակէտերէն մէկը, ուրկէ հակառակորդը կրակ բացած է հայկական գիւղին ուղղութեամբ: Հայկական զինուժի պատասխան գործողութիւններուն արդիւնքով 5 ատրպէյճանցի զինուորական ծառայող սպաննուած է:
Հայաստանի Հանրապետութեան զինուած ուժերը այսուհետեւ պիտի օգտագործեն համարժէք միջոցներ
Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ ծառայութիւնը հրապարակած է հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ կ՛անդրադառնայ 25 Ûեպտեմբերի դէպքերուն եւ կը նշէ, թէ Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութիւնը Ե.Ա.Հ.Կ.ի Մինսքի Խըմբակի համանախագահներուն եւ միջազգային կառոյցներու ուշադրութիւնը կը հրաւիրէ այն հանգամանքին վրայ, որ զինադադարի դրոյթի խախտման ընթացքին ատրպէյճանական կողմէ հրետանիի կիրարկումը շփման գիծին վրայ նոր իրադրութիւն կը ստեղծէ, ինչ որ լայնածաւալ զինուորական գործողութիւններու անցման հերթական քայլն է:
Տագնապի խաղաղ լուծման քաղաքական հոլովոյթին աջակցելու նպատակով մինչեւ հիմա Հայաստանի Հանրապետութեան զինուած ուժերու զուսպ պահուածքը, Ե.Ա.Հ.Կ.ի Մինսքի Խմբակի համանախագահներուն եւ միջազգային կառոյցներուն արձագանգը որեւէ ձեւով չեն ազդեր հակառակորդին վրայ զինադադարի դրոյթի պահպանման հարցին մէջ, դեռ աւելին` անոր մօտ կը ստեղծեն անոր զինուած ուժերու գերազանցութեան պատրանք` հրահրելով անպատժելիութեան մթնոլորտի մը մէջ դիմելու նորանոր արկածախնդրութիւններու:
Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը յայտարարէ, որ հակառակորդին կողմէ իրադրութեան հետեւողական լարումը, որ պարբերաբար կը յանգեցնէ մարդկային կորուստներու, ինչպէս նաեւ միջազգային հանրութեան անհասցէ քննադատութիւնը եւ մտահոգութիւնները անընդունելի են:
Ուստի հակառակորդին լռեցնելու, անոր գործողութիւնները կանխարգիլելու եւ այսպիսով իսկ բանակցային հոլովոյթին աջակցելու նպատակով Հայաստանի Հանրապետութեան զինուած ուժերուն կողմէ այսուհետեւ պիտի օգտագործուին հրետանային եւ հրթիռային խոցման համարժէք միջոցներ` մնայուն խոցման տակ պահելով ատրպէյճանական զինուած ուժերու ստորաբաժանումներուն տեղակայման վայրերը, բոլոր զօրաշարժերը, զինուորական սարքաւորումներն ու կենդանի ուժը:
Նալբանդեան Մինսքի Խմբակի համանախագահներուն հետ քննարկած է քաղաքացիական անձերու մահուան դէպքերը
Ե.Ա.Հ.Կ.ի Մինսքի Խմբակի համանախագահները Նիւ Եորքի մէջ հանդիպած են Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանի հետ եւ զրուցած զինադադարի խախտման վերջին դէպքին մասին:
Այս մասին, «Թուիթըր»ի իր էջին վրայ արձանագրած է Ե.Ա.Հ.Կ.ի Մինսքի Խմբակի ամերիկացի համանախագահ Ճէյմս Ուորլիք:
«Լուրջ խօսակցութիւն ունեցած ենք Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Նալբանդեանի հետ, թէ ինչ քայլերու պէտք է ձեռնարկել բռնութեան վերջին դէպքերուն, մասնաւորապէս քաղաքացիական անձերու մահուան դէպքերուն առնչութեամբ»,- նշած է Ուորլիք:
Մինսքի Խմբակի համանախագահները բռնութիւններուն վերջ տալու կոչ ուղղած են
Ե.Ա.Հ.Կ.ի Մինսքի Խմբակի համանախագահներ Ճէյմս Ուորլիք (Միացեալ Նահանգներ), Իկոր Փոփով (Ռուսիա) եւ Փիեռ Անտրիօ (Ֆրանսա), ինչպէս նաեւ Ե.Ա.Հ.Կ.ի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Քասփրչիք տարածած են յայտարարութիւն մը, ուր իրենց լուրջ մտահոգութիւնը կը յայտնեն քաղաքացիական բնակավայրերու ուղղութեամբ ականանետներու եւ ծանր զինատեսակներու օգտագործման առնչութեամբ:
«Նման զէնքերու կիրարկումը տագնապին մէջ անընդունելի լարուածութիւն կը յառաջացնէ: Մենք մեր խորագին վշտակցութիւնը կը յայտնենք զոհուածներու ընտանիքներուն` միջազգային սահմանի եւ շփման գիծի երկու կողմերուն վրայ եղած կորուստներուն առընչութեամբ: Մենք կողմերուն կարելի ամէնէն ազդեցիկ խօսքերով կը դիմենք` խուսափելու քաղաքացիական անձերու հետ տեղի ունեցող դժբախտ դէպքերէն: Կողմերը Ժընեւեան համաձայնագիրով պարտաւորուած են պաշտպանելու ոչ-զինծառայողներու անվտանգութիւնը»,- «Արմէնփրես»ի փոխանցմամբ` կը նշուի յայտարարութեան մէջ:
Համանախագահները ափսոսանք յայտնած են, որ դէպքերը տեղի ունեցած են Նիւ Եորքի մէջ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու ծրագրուած հանդիպման նախօրէին: «Մենք կ՛ակնկալենք նախարարներէն լուրջ քննարկումներ բռնութեան աճին, ինչպէս նաեւ խնդիրի բանակցային լուծման շուրջ խնդիրներու վերաբերեալ:
Քանի որ մենք անկարող ենք յստակօրէն հասկնալու, թէ ուրկէ՛ ծագած է բռնութիւնը, քանի որ ամէն կողմ կը մեղադրէ միւսը, կողմերը պէտք է աշխատին Ե.Ա.Հ.Կ.ի հետաքննութեան մեքանիզմին շուրջ, ինչպէս քննարկած էին նախագահները:
Մենք պիտի շարունակենք աշխատիլ կողմերուն հետ ամէնէն բարձր մակարդակով` թուլացնելու լարուածութիւնը եւ յառաջընթաց արձանագրելու տեւական եւ խաղաղ լուծման հարցով»,- կը նշուի յայտարարութեան եզրափակիչ հատուածին մէջ: