Print
Category: Հայաստան-Արցախ

alt24 Սեպ­տեմ­բե­րին Հա­յաս­տա­նի նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեան Գիւմ­րիի մէջ ներ­կայ գտնուած է հայ կա­թո­ղի­կէ «Սր­բոց Նա­հա­տա­կաց» ա­թո­ռա­նիստ ե­կե­ղեց­ւոյ օծ­ման ա­րա­րո­ղու­թեան եւ Սուրբ Պա­տա­րա­գին, որ տե­ղի ու­նե­ցած է Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան 100ա­մեա­կի ծի­րին մէջ: Ե­կե­ղե­ցին «Սր­բոց Նա­հա­տա­ կաց» կո­չո­ւած է Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան Սուրբ նա­հա­տակ­նե­րու ան­մար յի­շա­տա­կին:

Սր­բա­զան ա­րա­րո­ղու­թեան ներ­կայ ե­ղած են Հա­յաս­տա­նի պաշ­տօ­նա­տար­ներ, օ­տար դի­ւա­նա­գի­տա­կան ներ­կա­յա­ցուց­չու­թիւն­նե­րու եւ մի­ջազ­գա­յին կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու ղե­կա­վար­ներ, հայ կա­թո­ղի­կէ ե­կե­ղեց­ւոյ Սի­նո­տո­սի ան­դամ ե­պիս­կո­պոս­ներ, ինչ­պես նաեւ ե­կե­ղեց­ւոյ կա­ռուց­ման բա­րե­րար­նե­րը եւ տար­բեր եր­կիր­նե­րէ ժա­մա­նած հիւ­րեր: Ա­րա­րո­ղու­թիւ­նը կա­տա­րո­ւած է Վա­տի­կա­նի Ա­րե­ւե­լեան ե­կե­ղե­ցի­նե­րու նա­խա­գահ կար­տի­նալ Լէօ­նար­տօ Սանտ­րիի եւ հայ կա­թո­ղի­կէ ե­կե­ղեց­ւոյ նո­րըն­տիր Պատ­րիարք Գ­րի­գոր Պետ­րոս Ի. Գապ­րո­յեա­նի հա­մա­նա­խա­գա­հու­թեամբ:

Այս ա­ռի­թով ար­տա­սա­նած իր պատ­գա­մին մէջ, Պատ­րիար­քը շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նած է Աս­տու­ծոյ, որ կա­րե­լի դար­ձուց տա­ճա­րին շի­նու­թիւ­նը։ «­Մենք չե՛նք պաշ­տեր քա­րե­րը, որ­քան ալ ա­րիւն, ար­ցունք, աշ­խա­տանք պա­հան­ջած ըլ­լան ա­նոնք: Մենք կը պաշ­տենք Աս­տու­ծոյ ներ­կա­յու­թիւ­նը այս տա­ճա­րին մէջ։ Խա­չե­րը խորհր­դա­նիշն են Աս­տու­ծոյ ներ­կա­յու­թեան, մար­դա­ցեալ Ք­րիս­տո­սի ներ­կա­յու­թեան: Այս տու­նը Աս­տու­ծոյ տունն է, բայց բո­լո­րիս տունն է: Մենք, որ Աս­տու­ծոյ զա­ւա­կներն ենք, Աս­տու­ծոյ տա­ճար­նե­րը մե­րը դար­ձու­ցած ենք Սուրբ Հո­գիի զե­ղու­մով, Սուրբ Մկր­տու­թեամբ: Եւ այս մեր ներ­կա­յու­թիւ­նը այս տա­ճա­րին մէջ եւ տա­ճա­րէն դուրս խորհր­դա­նիշն է Աս­տու­ծոյ սի­րոյն՝ հա­մայն մարդ­կու­թեան հան­դէպ, մենք Ք­րիս­տո­սի վկա­ներն ենք»:

Պատ­րիար­քը յի­շե­ցու­ցած է, որ 301 թո­ւա­կա­նէն ի վեր հա­յու­թիւ­նը ճանչ­ցաւ, սի­րեց Ք­րիս­տո­սը, ո­րով­հե­տեւ Ան սի­րեց ու ինք­զինք նո­ւի­րեց մե­զի, ուս­տի մեր սէ­րը փո­խա­դարձ հա­ւա­տար­մու­թիւն է Ք­րիս­տո­սի։

Պա­պա­կան նո­ւի­րակ Մա­րեք Ե­պիս­կո­պոս Սո­չինս­քի ըն­թեր­ցած է Հ­ռո­մի Ֆ­րան­սիս Պա­պի ու­ղեր­ձը, իսկ Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միա­ծի­նի՝ ե­պիս­կո­պոս­նե­րէ բաղ­կա­ցած պա­տո­ւի­րա­կու­թիւ­նը ներ­կա­յա­ցու­ցած է Գա­րե­գին Բ. Ա­մե­նայն Հա­յոց կա­թո­ղի­կո­սի հայ­րա­պե­տա­կան օրհ­նու­թեան խօս­քը:

Ն­շենք նաեւ, որ Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան 100ա­մեա­կին ա­ռի­թով Սր­բոց Նա­հա­տա­կաց ե­կե­ղեց­ւոյ բա­կին մէջ տե­ղադ­րո­ւած է նա­հա­տակ­նե­րուն յի­շա­տա­կը յա­ւեր­ժաց­նող խաչ­քար: