Print
Category: Հայաստան-Արցախ

altՀա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան թան­գա­րան­–ինս­տի­տու­տի կող­մէ նոր հրա­պա­րակուած հրա­տա­րա­կու­թիւն­նե­րէն է «Ա­րեւմ­տա­հա­յու­թեան թո­ւա­քա­նա­կի հար­ցը 1878-1914 թո­ւա­կան­նե­րին» գիր­քը, ո­րուն հե­ղի­նակն է  Ռո­պերթ Թա­թո­յեա­ն։ Թր­քա­կան ժա­մա­նա­կա­կից պատ­մագ­րու­թիւ­նը եւ­ իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը կը ժխտեն Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­ նու­թիւ­նը եւ, հիմ­նո­ւե­լով Օս­մա­նեան վի­ճա­կագ­րու­թեանց վրայ, օս­մա­նահ­պա­տակ հա­յե­րու թի­ւը կը գնա­հա­տեն 1 300 000 ան­ձով:

«­Փոր­ձել եմ վեր­լու­ծել այդ ժա­մա­նակ հրա­պա­րա­կի վրայ ե­ղած եր­կու կար­ե­ւո­րա­գոյն մար­մի­նե­րի տո­ւեալ­նե­րը՝ Օս­մա­նեան Կայս­րու­թեան և Կոս­տանդ­նու­պոլ­սի Հա­յոց Պատ­րիար­քա­րա­նի ու­նե­ցած տո­ւեալ­նե­րով, ո­րոնք միայն ի­րա­ւունք ու­նէին  հա­շո­ւարկ­ներ անց­կաց­նել»,- կը յայտ­նէ Թա­թո­յեան:

Հե­ղի­նա­կը կը նշէ նաեւ, որ գրքին ե­րեք գլուխ­նե­րուն մէջ ինք կը հաս­տա­տէ, որ մինչ Հայ­կա­կան Հար­ցը 2 400 000 հայ ե­ղած է Օս­մա­նեան Թուր­քիոյ մէջ, իսկ երբ Հայ­կա­կան Հար­ցը դրո­ւած է օ­րա­կար­գի վրայ, եր­կու ան­գամ նո­ւա­զե­ցու­ցած են օս­մա­նահ­պա­տակ հա­յե­րու թո­ւա­քա­նա­կը: