Հանդիպման ընթացքին Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը իր շնորհաւորանքը բերաւ Գրիգոր-Պետրոս Ի. Պատրիարքին ընտրութեան ու գահակալութեան առիթով` մաղթելով անոր արգասաւոր ծառայութիւն:
Իր խօսքին մէջ Նորին Սրբութիւնը գնահատանքով ընգծեց, որ վերջին տարիներուն Հայաստանեայց Առաքելական եւ Հռոմի Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ միջեւ յարաբերութիւնները վերելք կ՝ապրին եւ յատկանշուած են սերտ համագործակցութեամբ:
Այս առիթով՝ Ամենայն Հայոց Հայրապետը գոհունակութեամբ յիշեց Հայոց Ցեղասպանութեան 100րդ տարելիցին առիթով Հռոմի Սրբազան Քահանայապետ Ֆրանչիսկոս Պապի կողմէն Ապրիլ 12ին Վատիկանի Ս. Պետրոսի տաճարին մէջ մատուցուած Սրբազան Պատարագի արարողութիւնը եւ Պապին կողմէ հնչեցուած ուղերձը` միտուած մարդկութեան կեանքին մէջ նորանոր ոճիրներու եւ ցեղասպանութիւններու կանխարգիլման:
Գարեգին Բ. հաստատեց, որ համաշխարհային զարգացումներու արդի պայմաններու մէջ Եկեղեցիները արդարութեան ճանապարհ կրնան հարթել միայն համատեղ ջանքերով, փոխադարձ աջակցութեամբ եւ աղօթքով:
Իր հերթին, Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքը շնորհակալութիւն յայտնեց Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին իր ընտրութեան առիթով յղուած շնորհաւորական ուղերձին եւ մաղթանքներուն համար: