Print
Category: Հայաստան-Արցախ

«­Փիւ­նիկ» հիմ­նադ­րա­մը այս տա­րի կը նա­խա­տե­սէ Ար­ցա­խի Հան­րա­պե­տու­թեան մէջ բա­նալ Մա­տե­նա­դա­րա­նի մաս­նա­ճիւղ: Այս մա­սին կը հա­ղոր­դէ Artsakhpress.am։

Հիմ­նադ­րա­մի գոր­ծա­դիր տնօ­րէն Գաբ­րիէլ Ճամ­պար­ճեան՝ ներ­կա­յաց­նե­լով հիմ­նադ­րա­մի յա­ռա­ջի­կայ ծրա­գիր­նե­րը՝ ընդգ­ծած է, որ այս տա­րի հիմ­նադ­րա­մի բո­լոր ծրա­գիր­նե­րը կեան­քի կո­չուած են, եւ մնա­ցած է միայն Ար­ցա­խի Գան­ձա­սա­րի մէջ Մա­տե­նա­դա­րա­նի մաս­նա­ճիւ­ղի բա­ցու­մը: «Աշ­խա­տանք­նե­րը այդ ուղ­ղու­թեամբ ար­դէն ա­ւար­տին կը հաս­նին, սա­կայն հի­մա յստակ չեմ կրնար ը­սել, թէ ե՞րբ պի­տի կրնանք շա­հա­գործ­ման յանձ­նել, բայց ա­տի­կա պի­տի ըլ­լայ այս տա­րո­ւան մէջ»,- նշած է Ճամ­պար­ճեան` ա­ւելց­նե­լով, որ այս տա­րո­ւան հա­մար հիմ­նադ­րա­մը այլ ծրա­գիր­ներ չու­նի, սա­կայն կրնան ըլ­լալ մանր ծրա­գիր­ներ, ո­րոնք կրնան քննար­կո­ւիլ եւ կեան­քի կո­չո­ւիլ:

Ամ­փո­փե­լով տա­րին` Ճամ­պար­ճեան բարձր գնա­հա­տած է հիմ­նադ­րա­մին գոր­ծու­նէու­թիւ­նը` ա­ւելց­նե­լով, որ սփիւռ­քի եւ Ար­ցա­խի հետ ար­դիւ­նա­ւէտ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան իբ­րեւ ար­դիւնք հնա­րա­ւոր ե­ղած է կեան­քի կո­չել բազ­մա­թիւ ծրա­գիր­ներ: «­Նաեւ այդ ար­դիւ­նա­ւէտ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան ար­դիւնքն էր, որ այդ­քան լաւ կազ­մա­կեր­պո­ւե­ցան եւ ի­րա­կա­նա­ցո­ւե­ցան Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան 100րդ տա­րե­լի­ցի ձեռ­նարկ­նե­րը: Իսկ ա­մե­նագլ­խա­ւոր ձեռք­բե­րու­մը Հ­ռո­մի Պա­պի մա­տու­ցած պա­տա­րագն էր` նո­ւի­րո­ւած Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան զո­հե­րու յի­շա­տա­կին»,- ընդգծած է Ճամ­պար­ճեանը: