Սեպտեմբեր 21ին, Հ.Օ.Մ.ի Հայաստանի Շրջանային Վարչութիւնը, «Ասպարէզ» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Աբօ Պողիկեանի եւ Հ.Յ.Դ. Գերագոյն Մարմնի անդամ, Արցախեան Ազատամարտի մասնակից Պետրոս Մեղրեանի հետ, այցելած է հայրենիքի սահմաններու պաշտպանութեան ընթացքին հակառակորդի գնդակէն զոհուած 40ամեայ զինծառայող Հայկ Դեւոյեանի ընտանիքին: Հերոսի ընտանիքին այցելութեան օրը պատահականօրէն չէր ընտրուած. Հայաստանի Անկախութեան օրն էր, որ ձեռք բերուած է պայքարի, արեան եւ հայ ժողովուրդի համախմբուածութեան շնորհիւ: Այդ ձեռք բերուած անկախութեան պահպանման համար իր կեանքը նուիրաբերած էր նաեւ Հայկ Դեւոյեան, որ երկու որդիներու եւ երեք դուստրերու հայր էր: «Ո՛չ մէկ նահատակ զինուորի ընտանիք կարիքաւոր պէտք է մնայ» կարգախօսով՝ սփիւռքի հայորդիներ իրենց նուիրատուութիւններով (4600 տոլար) Հայաստանի Նորաշէն գիւղ ուղարկած էին «Ասպարէզ» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Աբօ Պողիկեանը: Հ.Օ.Մ.ի Հայաստանի Շրջանային Վարչութիւնը եւս չէր կրնար աջակից չըլլալ եւ իր ուշադրութեան կեդրոնին չունենալ Հայկի բազմազաւակ ընտանիքը, որուն ամենակրտսերը չորս տարեկան Արմանն է: Հ.Օ.Մ.ի Հայաստանի Շրջանային Վարչութեան ատենապետուհի Նարինէ Գալստեան եւ Շրջանային Վարչութեան անդամ Դիանա Յովսէփեան նշեցին, որ Հ.Օ.Մ.ը իր հիմնադրման օրէն իսկ միշտ եղած է հայ զինուորին կողքին: Այցելուները իրենց երախտագիտութեան խօսքը յայտնեցին հերոսի ընտանիքին: