Print
Category: Հայաստան-Արցախ

22 Սեպ­տեմ­բե­րին Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Է­դո­ւարդ Նալ­բան­դեան հան­դի­պում ու­նե­ցած է կա­թո­ղի­կէ հա­յոց Գ­րի­գոր Պետ­րոս Ի. Կա­թո­ղի­կոս-­Պատ­րիար­քին հետ:

Նա­խա­րար Նալ­բան­դեան ընտ­րու­թեան ա­ռի­թով ջեր­մօ­րէն շնոր­հա­ւո­րած է Հո­գե­ւոր Տէ­րը: Յա­ջո­ղու­թիւն մաղ­թե­լով Գ­րի­գոր Պետ­րոս Ի.ին` իր վեհ ա­ռա­քե­լու­թեան մէջ, նա­խա­րա­րը նշած է.- «Ֆ­րան­սա­յի մօտ Հա­յաս­տա­նի դես­պան ըլ­լա­լու ժա­մա­նա­կա­հա­տո­ւա­ծին ձե­զի հետ Փա­րի­զի մէջ եր­կար տա­րի­ներ սեր­տօ­րէն գոր­ծակ­ցե­լու բա­րե­բախ­տու­թիւնն ու պա­տի­ւը ու­նե­նա­լով` ան­ձամբ ա­կա­նա­տես ե­ղած եմ ձեր ար­գա­սա­բեր գոր­ծու­նէու­թեան իբ­րեւ Ֆ­րան­սա­յի հայ կա­թո­ղի­կէ­նե­րու ա­ռաջ­նորդ»: Զ­րու­ցա­կից­նե­րը անդ­րա­դար­ձած են Հ­ռո­մի Ֆ­րան­չիս­կոս Պա­պին կող­մէ Ս. Պետ­րոս տա­ճա­րին մէջ Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան 100ա­մեա­կին նո­ւի­րո­ւած Ս. Պա­տա­րա­գին կա­րե­ւո­րու­թեան եւ ա­նոր կող­մէ յղո­ւած ու­ղեր­ձին, որ ինք­նին հայ ժո­ղո­վուր­դին հետ հա­մե­րաշ­խու­թեան եւ զօ­րակ­ցու­թեան կա­րե­ւոր դրսե­ւո­րում էր, եւ ա­ջակ­ցու­թիւն` մարդ­կու­թեան դէմ նոր յան­ցա­գոր­ծու­թիւն­նե­րու, ցե­ղաս­պա­նու­թիւն­նե­րու կան­խար­գիլ­ման մի­տող մի­ջազ­գա­յին հան­րու­թեան ջան­քե­րուն: Զ­րու­ցա­կից­նե­րը միտ­քեր փո­խա­նա­կած են Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան 100ա­մեա­կի ծի­րին մէջ կա­տա­րո­ւող նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­նե­րուն մա­սին` ընդգ­ծե­լով Հա­յաս­տա­նի եւ սփիւռ­քի կա­ռոյց­նե­րուն սերտ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան եւ ջան­քե­րու հա­մադր­ման կա­րե­ւո­րու­թիւ­նը: