Print
Category: Հայաստան-Արցախ

Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան վար­չա­պետ Յո­վիկ Աբ­րա­հա­մեան 22 Սեպ­տեմ­բե­րին, Փե­քի­նի մէջ, հան­դի­պում ու­նե­ցած է Չի­նաս­տա­նի Պե­տա­կան Խոր­հուր­դի նա­խա­գահ (վար­չա­պետ) Լի Քե­ցեա­նի հետ:

Ող­ջու­նե­լով Հա­յաս­տա­նի վար­չա­պե­տը` Չի­նաս­տա­նի Պե­տա­կան Խոր­հուր­դի նա­խա­գա­հը շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նած է Չի­նաս­տան այ­ցե­լե­լու իր հրա­ւէ­րը ըն­դու­նե­լու եւ Եւ­րա­սիա­կան Տն­տե­սա­կան Ֆո­րու­մին մաս­նակ­ցե­լու հա­մար: Ան բարձր գնա­հա­տած է հայ-չի­նա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու ներ­կայ մա­կար­դա­կը եւ հա­մոզ­մունք յայտ­նած, որ վար­չա­պետ Աբ­րա­հա­մեա­նին այ­ցե­լու­թիւ­նը Չի­նաս­տան պի­տի նպաս­տէ փոխ-գոր­ծակ­ցու­թեան ալ ա­ւե­լի զար­գաց­ման եւ ամ­րապնդ­ման:

Շ­նոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նե­լով ջերմ ըն­դու­նե­լու­թեան հա­մար` վար­չա­պետ Աբ­րա­հա­մեան նշած է, որ Չի­նաս­տա­նի հետ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու զար­գա­ցու­մը Հա­յաս­տա­նի ար­տա­քին քա­ղա­քա­կա­նու­թեան ա­ռաջ­նա­հեր­թու­թիւն­նե­րէն է: Ընդգ­ծե­լով, որ տնտե­սա­կան մար­զին մէջ գո­յու­թիւն ու­նի հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան մեծ նե­րուժ, Յո­վիկ Աբ­րա­հա­մեան հա­մոզ­մունք յայտ­նած է, որ այ­ցե­լու­թիւ­նը նոր լիցք պի­տի հա­ղոր­դէ հայ-չի­նա­կան կա­պե­րու ամ­րապնդ­ման եւ տնտե­սա­կան հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան ընդ­լայն­ման:

Ընդգ­ծե­լով, որ վեր­ջին տա­րի­նե­րուն եր­կու եր­կիր­նե­րուն մի­ջեւ բարձր մա­կար­դա­կի քա­ղա­քա­կան երկ­խօ­սու­թիւ­նը աշ­խու­ժօ­րէն կը զար­գա­նայ, Հա­յաս­տա­նի եւ Չի­նաս­տա­նի վար­չա­պետ­նե­րը բարձր գնա­հա­տած են Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեա­նի ան­ցեալ Մար­տին Չի­նաս­տան կա­տա­րած պե­տա­կան այ­ցե­լու­թիւ­նը, որ եր­կու եր­կիր­նե­րու բա­րե­կա­մա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը ո­րա­կա­կան նոր մա­կար­դա­կի բարձ­րա­ցու­ցած է եւ նոր թափ հա­ղոր­դած հայ-չի­նա­կան հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան զար­գաց­ման: «Կ­՛ու­զեմ շեշ­տել, որ Հա­յաս­տա­նի եւ Չի­նաս­տա­նի ղե­կա­վար­նե­րուն մի­ջեւ հան­դիպ­ման ար­դիւնք­նե­րուն հի­ման վրայ մենք աշ­խու­ժօ­րէն կ­՛աշ­խա­տինք բո­լոր մար­զե­րուն մէջ երկ­կող­մա­նի յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու յա­ռաջ­խա­ղաց­ման եւ ձեռք բե­րո­ւած պայ­մա­նա­ւո­րո­ւա­ծու­թիւն­նե­րու ի­րա­գործ­ման ուղ­ղու­թեամբ»,- ը­սած է Յո­վիկ Աբ­րա­հա­մեան: Եր­կու եր­կիր­նե­րուն վար­չա­պետ­նե­րը կա­րե­ւոր նկա­տած են են­թա­կա­ռու­ցո­ւածք­նե­րու զար­գաց­ման, ու­ժա­նիւ­թի, փո­խադ­րա­մի­ջոց­նե­րու, քի­միա­կան ար­դիւ­նա­բե­րու­թեան, գիւ­ղատն­տե­սու­թեան, զբօ­սաշր­ջու­թեան, գի­տու­թեան, կրթու­թեան, մշա­կոյ­թի, քա­ղա­քա­ցիա­կան օ­դա­նա­ւոր­դու­թեան մար­զե­րուն մէջ հե­տա­գայ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան խո­րա­ցու­մը, միա­ցեալ յստակ ծրա­գիր­նե­րու ի­րա­կա­նա­ցու­մը: Այս շրջա­գի­ծին մէջ կա­րե­ւոր նկա­տո­ւած է ա­ռեւտ­րա­կան-տնտե­սա­կան հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան հար­ցե­րով հայ-չի­նա­կան միա­ցեալ յանձ­նա­խում­բի ար­դիւ­նա­ւէտ գոր­ծու­նէու­թիւ­նը:

Վար­չա­պետ Աբ­րա­հա­մեան գո­հու­նա­կու­թեամբ նշած է, որ վեր­ջին տա­րի­նե­րուն եր­կու եր­կիր­նե­րուն մի­ջեւ ա­ռեւտ­րա­կան-տնտե­սա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը յա­ռա­ջըն­թաց ար­ձա­նագ­րած են, եւ զգա­լի կեր­պով ա­ճած է ապ­րանք­նե­րու շրջա­նա­ռու­թիւ­նը (ա­ւե­լի քան կէս մի­լիառ տո­լար): Չի­նաս­տա­նի վար­չա­պետ Լի Քե­ցեան իր կար­գին ընդգ­ծած է, որ բո­լոր մար­զե­րուն մէջ` գո­յու­թիւն ու­նի ար­դիւ­նա­ւէտ փոխ-գոր­ծակ­ցու­թիւն:

Հա­յաս­տա­նի եւ Չի­նաս­տա­նի վար­չա­պետ­նե­րը ման­րա­մասն քննար­կած են Ի­րան-­Հա­յաս­տան եր­կա­թու­ղիի, հիւ­սիս-հա­րաւ ճամ­բու մի­ջանց­քի կա­ռուց­ման ներդ­րու­մա­յին ծրա­գիր­նե­րը: Չի­նաս­տա­նի վար­չա­պե­տը վե­րա­հաս­տա­տած է չի­նա­կան կող­մի հե­տաքրք­րո­ւա­ծու­թիւ­նը այս հար­ցին մէջ: Ան պատ­րաս­տա­կա­մու­թիւն յայտ­նած է միա­ցեալ ծրա­գիր­ներ ի­րա­կա­նաց­նե­լու Հա­յաս­տա­նի են­թա­կա­ռու­ցո­ւածք­նե­րու զար­գաց­ման, ար­դիւ­նա­բե­րու­թեան, մար­դա­սի­րա­կան եւ այլ մար­զե­րու մէջ: