Print
Category: Հայաստան-Արցախ

Սեպտեմբեր 11ին Հ.Հ. սփիւռքի նախարարութեան, Հ.Հ. առողջապահութեան նախարարութեան եւ «Ակցիա առողջութիւն Հայաստան-Ֆրանսա» կազմակերպութեան նախաձեռնութեամբ Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ  «Սրտաբանութեան եւրակովկասեան 5րդ համաժողովը» (Euro-Caucasian Congress of

Cardiology), որուն մասնակցեցան 50է աւելի օտարազգի եւ սփիւռքահայ անուանի սրտաբաններ՝ Ֆրանսայէն, Մոնաքոյէն, Մեծն Բրիտանիայէն, Լիբանանէն, Ռուսաստանէն, Սուրիայէն, Իրանէն, Վրաստանէն եւ շուրջ 200 մասնագէտ՝  Հայաստանէն ու Արցախէն:
Համաժողովի նպատակն է՝ նպաստել սրտաբանութեան ոլորտի զարգացման, աշխարհի հայ սրտաբաններու ներուժի համախմբման, Հայաստանի Հանրապետութեան, Սփիւռքի եւ Արցախի սրտաբաններու համագործակցութեան, մասնագիտական որակներու բարձրացման, կատարելագործման եւ անոնց միջեւ փորձի փոխանակման:
Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ Հ.Հ. սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան: Ան մասնաւորապէս նշեց.- «Սրտաբանութեան եւրակովկասեան համաժողովն ապացուցել է իր կարեւոր դերը, եւ պատահական չէ, որ գնալով է՛լ աւելի մեծ թիւով հայաստանցի եւ արցախցի սրտաբաններ են մասնակցում ակտիւօրէն այս միջոցառման, Սփիւռքի եւ օտարազգի սրտաբաններու հետ փոխանակում իրենց գաղափարներն ու մտայղացումները՝ փորձելով ստացուած տեղեկութիւնների եւ փորձառութիւնների համադրմամբ նոր ու առաւել արդիւնաւէտ մօտեցումներով յաղթահարել ոլորտին առնչուող մարտահրաւէրները»:
Հ.Հ. առողջապահութեան նախարար Արմէն Մուրադեան իր խօսքին մէջ նշեց, որ երկօրեայ քննարկումները հնարաւորութիւն կþընձեռեն մասնագէտներուն՝  փոխանցելու իրենց գաղափարներն ու գիտելիքները, սրտաբանութեան ոլորտի նորարարական եւ արդիւնաւէտ մօտեցումները: «Վստահ եմ, որ, երկու տարին մէկ Հայաստանում հաւաքուելով եւ միասին քննարկելով, դրական արդիւնքներ կþապահովէք Հայաստանում գերակայ խնդիր համարուող այս բնագաւառում», - աւելցուց ան:
Զեկոյցներով հանդէս եկան  սրտաբանները իրենց մասնագիտացած նիւթերով:
Համաժողովի աշխատանքները աւարտեցան Սեպտեմբեր 12։