Անկախութեան տօնին առթիւ այսօր` Սեպտեմբեր 21ին, Լ.Ղ.Հ. նախագահ Բակօ Սահակեան եւ Հ.Հ. նախագահ Սերժ Սարգսեան հանրապետութեան բարձրագոյն ղեկավարութեան ուղեկցութեամբ այցելեցին «Եռաբլուր» զինուորական պանթէոն` յարգանքի տուրք մատուցանելու իրենց կեանքը հայրենիքի ազատու թեան համար զոհաբերած հայորդիներու յիշատակին:
NEWS.amի փոխանցմամբ` Եռաբլուր զինուորական պանթէոն այցելած էին նաեւ Հ.Հ. ոստիկանապետ Վլադիմիր Գասպարեանը, Ա.Ա.Ծ. տնօրէն Գորիկ Յակոբեանը, Հայաստանի Լ.Ղ.Հ. պաշտպանութեան նախարարներ Սէյրան Օհանեանը եւ Լեւոն Մնացականեանը, Հ.Հ. Ա.Ժ. նախագահ Գալուստ Սահակեանը եւ այլ բարձրաստիճան պաշտօնեաներ:
Յիշեցնենք, որ Հայաստանը այսօր կը նշէ իր անկախութեան 24ամեակը: 1991ի Սեպտեմբեր 21ին Հայաստանի մէջ տեղի ունեցաւ անկախութեան հանրաքուէ, որու մասնակիցներուն շուրջ 94 տոկոսը կողմ քուէարկեց Հայաստանը անկախ պետութիւն ունենալու օգտին: