Print
Category: Հայաստան-Արցախ

Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեան 16 Սեպ­տեմ­բե­րին, Տա­ւու­շի մարզ­պե­տի եւ մարզ­պե­տա­րա­նի պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րուն մաս­նակ­ցու­թեամբ, խորհր­դակ­ցու­թիւն կա­տա­րած է Տա­ւու­շի մար­զի 2014 եւ 2015 թո­ւա­կան­նե­րու ա­ռա­ջին կի­սա­մեա­կի ըն­կե­րա­յին-տնտե­սա­կան ի­րա­վի­ճա­կին, առ­կայ հիմ­նախն­դիր­նե­րուն եւ զար­գաց­ման ծրա­գիր­նե­րու քննարկ­ման նպա­տա­կով:

Նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեան Տա­ւու­շի մարզ­պետ Յո­վիկ Ա­բո­վեա­նին յանձ­նա­րա­րած է 1էն 6 Սեպ­տեմ­բե­րի ռմբա­կո­ծում­նե­րէն տու­ժած մար­զի սահ­մա­նա­մերձ հա­մայնք­նե­րու բնա­կիչ­նե­րուն նիւ­թա­կան ա­ջակ­ցու­թիւն տրա­մադ­րե­լու նպա­տա­կով կա­րե­լի ե­ղա­ծին չափ ա­րագ (ա­ռա­ւե­լա­գոյ­նը 10 օ­րէն) ամ­փո­փել տու­ժած 13 շրջան­նե­րու վնաս­նե­րուն պատ­կե­րը` նիւ­թա­կան օ­ժան­դա­կու­թեան վե­րա­բե­րեալ հա­մա­պա­տաս­խան յայտ ներ­կա­յաց­նե­լով Հա­յաս­տա­նի կա­ռա­վա­րու­թեան:

Միա­ժա­մա­նակ յանձ­նա­րա­րո­ւած է Հա­յաս­տա­նի քա­ղա­քա­շի­նու­թեան, տա­րած­քա­յին կա­ռա­վար­ման ու ար­տա­կարգ ի­րա­վի­ճակ­նե­րու նա­խա­րա­րու­թիւն­նե­րուն հետ՝ միա­ցեալ ամ­բող­ջա­կան ու­սում­նա­սի­րու­թիւն կա­տա­րել սահ­մա­նա­մերձ ռմբա­կո­ծո­ւած հա­մայնք­նե­րուն մէջ եւ հա­մա­պա­տաս­խան ա­ռա­ջարկ­ներ մշա­կել կրթա­կան հաս­տա­տու­թիւն­նե­րու ու հա­սա­րա­կա­կան շի­նու­թիւն­նե­րու անվ­տան­գու­թեան մնա­յուն բա­րե­լաւ­ման, ինչ­պէս նաեւ բնակ­չու­թեան տե­ղա­շար­ժի անվը­տան­գու­թեան ա­պա­հով­ման ուղ­ղու­թեամբ` նիւ­թա­կան գնա­հա­տա­կան­նե­րուն վե­րա­բե­րեալ ամ­փո­փում­նե­րը ներ­կա­յաց­նե­լով կա­ռա­վա­րու­թեան: Յանձ­նա­րա­րո­ւած է նաեւ գիւ­ղատն­տե­սա­կան հո­ղա­շեր­տե­րու օգ­տա­գործ­ման ար­դիւ­նա­ւէ­տու­թեան բարձ­րաց­ման նպա­տա­կով, գիւ­ղատն­տե­սու­թեան նա­խա­րա­րու­թեան ջրա­յին տնտե­սու­թեան պե­տա­կան կո­մի­տէին հետ միաս­նա­բար, ու­սում­նա­սի­րել անհ­րա­ժեշտ ո­ռոգ­ման հա­մա­կար­գե­րու կա­ռուց­ման ծա­ւալ­նե­րը` ա­ռաջ­նա­հեր­թու­թեանց վե­րա­բե­րեալ ա­ռա­ջարկ ներ­կա­յաց­նե­լով կա­ռա­վա­րու­թեան: