Print
Category: Հայաստան-Արցախ

­Հ.Յ.Դ. ­Բիւ­րո­յի քա­ղա­քա­կան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ, Ազ­գա­յին Ժո­ղո­վի Հ.Յ.Դ. խմբակ­ցու­թեան ղե­կա­վար Ար­մէն ­Ռուս­տա­մեան, Ազ­գա­յին Ժո­ղո­վի յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րու ժա­մուն զրու­ցե­լով լրագ­րող­նե­րուն հետ, յայտ­նած է, որ Դաշ­նակ­ցու­թիւ­նը հա­մո­զո­ւած է, թէ նոր սահ­մա­նադ­րա­կան կար­գի ըն­դու­նու­մը նոր էջ պի­տի բա­նայ ­Հա­յաս­ տա­նի հա­մընդ­հա­նուր զար­գաց­ման հա­մար` հի­մը դնե­լով ժո­ղո­վուր­դի կամ­քի գոր­ծադ­րու­թեան նոր, ար­դիա­կան պե­տա­կան հա­մա­կար­գի: Ըստ ա­նոր, ա­տի­կա պի­տի փո­խէ սպա­ռած եւ վար­կա­բե­կո­ւած գոր­ծող պե­տա­կան կա­ռա­վար­ման ձե­ւը եւ քա­ղա­քա­կան-ի­րա­ւա­կան վար­չա­կար­գը:

«­Մենք այս հա­մո­զու­մը ու­նե­ցած ենք ­Հա­յաս­տա­նի ան­կա­խա­ցու­մէն ի վեր: Մենք վստահ էինք, որ 1991էն 1995 հաս­տա­տո­ւած սահ­մա­նադ­րական-օ­րէնսդ­րա­կան կար­գը հա­կա­ժո­ղովր­դա­վա­րա­կան էր եւ ու­նե­նա­լու էր այս ծանր հե­տե­ւանք­նե­րը: ­Նա­խա­գա­հի պաշ­տօ­նը ներդ­րո­ւած էր ար­դէն 1991էն, երբ ­Հա­յաս­տա­նը տա­կա­ւին սահ­մա­նադ­րու­թիւն չու­նէր: Իսկ ինչ­պէս մարդ­կու­թեան փոր­ձը կը փաս­տէ, սահ­մա­նադ­րու­թեան եւ ա­նոր վրայ հիմ­նո­ւած օ­րէնսդ­րու­թեան բա­ցա­կա­յու­թեան պայ­ման­նե­րուն մէջ, ո­րե­ւէ  երկ­րի մէջ պե­տա­կան կա­ռա­վար­ման նա­խա­գա­հա­կան ձե­ւը ան­խու­սա­փե­լիօ­րէն կ­՛ա­ռաջ­նոր­դէ բռնա­պե­տու­թեան, ո­րուն հայ ժո­ղո­վուր­դը եւս հա­մո­զո­ւե­ցաւ իր սե­փա­կան փոր­ձով»,- յայտ­նած է ան:

Ըստ ա­նոր, 1995ին ըն­դու­նո­ւած սահ­մա­նադ­րու­թիւ­նը սոսկ ի­րա­ւա­բա­նա­կան ուժ եւ շունչ հա­ղոր­դեց ար­դէն հաս­տա­տո­ւած հա­կա­ժո­ղովր­դա­կան վար­չա­կար­գին: «­Դաշ­նակ­ցու­թիւ­նը այդ օ­րե­րուն չկրցաւ այդ բո­լոր վտանգ­նե­րուն մա­սին մեր ժո­ղո­վուր­դին լիար­ժէք տե­ղե­կաց­նել եւ կան­խել այդ­պի­սի սահ­մա­նադ­րու­թեան մը ըն­դու­նու­մը, ո­րով­հե­տեւ կու­սակ­ցու­թեան գոր­ծու­նէու­թիւ­նը հան­րա­քո­ւէէն ա­ռաջ ար­գի­լո­ւե­ցաւ, իսկ կու­սակ­ցու­թեան ան­դամ­նե­րուն մէկ մա­սը բան­տար­կո­ւե­ցաւ նոյն այդ վար­չա­կար­գին կող­մէ: «Ոչ»ի հա­մար­ժէք ճա­կատ ձե­ւա­ւո­րե­լու մա­սին նոյ­նիսկ խօ­սիլ կա­րե­լի չէր, ալ ուր մնաց` խօ­սէինք այդ սահ­մա­նադ­րու­թեան օ­րի­նա­կա­նու­թեան մա­սին:

«­Հի­մա ­Դաշ­նակ­ցու­թիւ­նը, ըստ էու­թեան, կը կա­տա­րէ այն, ինչ որ չյա­ջո­ղե­ցաւ ը­նել 1991էն 1995 թո­ւա­կան­նե­րուն: ­Մեր այ­սօ­րո­ւան «Ա­յո»ն, ըստ էու­թեան, մեր հե­տե­ւո­ղա­կան «Ոչ»ն­ է` 1995 թո­ւա­կա­նի այդ հա­կա­ժո­ղովր­դա­կան սահ­մա­նադ­րու­թեան: Ո­րով­հե­տեւ ակն­յայտ է, որ հա­կա­ժո­ղովր­դա­վա­րա­կան ի­րա­ւա­քա­ղա­քա­կան վար­չա­կար­գի հիմ­նադր­ման պատ­ճա­ռով մեր երկ­րին շե­ղու­մը ժո­ղովր­դա­վա­րու­թե­նէն չի կրնար վե­րա­ցո­ւիլ այլ ձե­ւով, քան նոյն այդ վար­չա­կար­գը ար­մա­տա­խիլ ը­նե­լու մի­ջո­ցով: Ին­ծի հա­մար ա­նըն­դու­նե­լի, բայց հասկ­նա­լի է, որ այդ վար­չա­կար­գի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը, որ ժա­մա­նա­կին «ա­յո» ը­սած են ա­ռա­ջին սահ­մա­նադ­րու­թեան, հի­մա «ոչ» պի­տի ը­սեն, հա­կա­ռակ պա­րա­գա­յին` ստի­պո­ւած պի­տի ըլ­լան ըն­դու­նելու­ ի­րենց հիաս­թա­փու­թիւ­նը»,- դի­տել տո­ւած է Ար­մէն ­Ռուս­տա­մեան:

Ան ան­հասկ­նա­լի նկա­տած է կե­ցո­ւած­քը ա­նոնց, ո­րոնք բազ­միցս յայ­տա­րա­րած եւ նպա­տա­կադ­րած են անց­նիլ խորհր­դա­րա­նա­կան հա­մա­կար­գի, հա­մա­մաս­նա­կան ընտ­րա­կար­գի եւ մեծց­նել ընդ­դի­մու­թեան դե­րա­կա­տա­րու­թիւ­նը, սա­կայն այ­սօր դէմ կ­՛ար­տա­յայ­տո­ւին: «­Դէմ են միայն այն պատ­ճա­ռով, որ նա­խա­ձեռ­նու­թիւ­նը կու գայ նա­խա­գա­հէն, ոչ թէ ի­րենց­մէ: Ու­րեմն ժա­մա­նա­կին կա՛մ չեն հասկ­ցած, թէ ինչ կը  պա­հան­ջեն, կա՛մ չեն են­թադ­րած, որ կրնայ ըլ­լալ ի­րենց պա­հան­ջը բա­ւա­րա­րո­ւի: Ուս­տի, պա­րո­նայք, զգու­շա­ցէք ձեր պա­հանջ­նե­րէն եւ նպա­տակ­նե­րէն, ո­րով­հե­տեւ վտանգ կայ, որ ա­նոնք օր մը կա­տա­րո­ւին»,- եզ­րա­փա­կած է ­Ռուս­տա­մեան: