Print
Category: Հայաստան-Արցախ

­«Ար­ցախփ­րես» կը հա­ղոր­դէ, թէ 10 ­Սեպ­տեմ­բե­րին ­Լեռ­նա­յին ­Ղա­րա­բա­ղի Ազ­գա­յին ժո­ղո­վին մէջ տե­ղի ու­նե­ցած է հան­դի­պում՝ Ար­ցա­խի եւ ­Պել­ճի­քա­յի խորհր­դա­րա­նա­կան­նե­րուն մի­ջեւ:

­Լեռ­նա­յին ­Ղա­րա­բա­ղի Ազ­գա­յին ­Ժո­ղո­վի նա­խա­գահ Ա­շոտ ­Ղու­լեան, ող­ջու­նե­լով պել­ճի­քա­ցի խորհր­դա­րա­նա­կան­նե­րը, ընդգ­ծած է, որ Ար­ցա­խի մէջ բարձր կը գնա­հա­տեն օ­րի­նա­կե­լի ար­ժե­հա­մա­կարգ ու­նե­ցող եր­կիր­նե­րու պե­տա­կան կա­ռոյց­նե­րու, մաս­նա­ւո­րա­բար ե­րես­փո­խան­նե­րուն հետ կա­պե­րու յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը:

­Խորհր­դա­րա­նի ղե­կա­վա­րը նշած է, որ ­Լեռ­նա­յին ­Ղա­րա­բա­ղի ­Հան­րա­պե­տու­թեան հա­մար` նկա­տի ու­նե­նա­լով մի­ջազ­գա­յին խորհր­դա­րա­նա­կան ձե­ւա­չա­փով հո­լո­վոյթ­նե­րուն մէջ ներգ­րա­ւո­ւած չըլ­լա­լու հան­գա­ման­քը, նման կա­պեր շատ կա­րե­ւոր են հաս­տա­տու­թե­նա­կա­նու­թեան կա­տա­րե­լա­գործ­ման եւ ժո­ղովր­դա­վա­րու­թեան զար­գաց­ման ի­մաս­տով: ­Պել­ճի­քա­կան խորհր­դա­րա­նա­կան պա­տո­ւի­րա­կու­թեան ղե­կա­վար ­Ժիւ­լի տը Կ­րոթ կա­րե­ւոր նկա­տած է ի­րենց Ար­ցախ այ­ցե­լու­թիւ­նը` լիար­ժէք տե­ղե­կու­թիւն­ներ ստա­նա­լու եւ պաշ­տօ­նա­կից­նե­րու հետ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու զար­գաց­ման հա­ւա­նա­կան տար­բե­րակ գտնե­լու պա­րու­նա­կին մէջ: Այ­նու­հե­տեւ տե­ղի ու­նե­ցած է կար­ծիք­նե­րու փո­խա­նա­կում, ո­րուն ըն­թաց­քին հիւ­րե­րը հե­տաքրք­րո­ւած են Ար­ցա­խի մէջ ժո­ղովըր­դա­վա­րա­կան հո­լո­վոյթ­նե­րու, Ե.Ա.Հ.Կ.ի ­Մինս­քի Խմ­բա­կի հո­վա­նիին տակ կա­տա­րո­ւող բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րու ըն­թաց­քին եւ շարք մը այլ հար­ցե­րու վե­րա­բե­րեալ խորհր­դա­րա­նին մէջ ներ­կա­յա­ցո­ւած քա­ղա­քա­կան կու­սակ­ցու­թեանց ու­նե­ցած դիր­քո­րո­շում­նե­րով:

­Հան­դի­պու­մին մաս­նակ­ցած են Ազ­գա­յին ­Ժո­ղո­վի փոխ-նա­խա­գահ ­Վահ­րամ ­Բա­լա­յեան, ար­տա­քին յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու մնա­յուն յանձ­նա­խում­բի նա­խա­գահ Ար­զիկ Մ­խի­թա­րեան եւ խորհր­դա­րա­նա­կան խմբակ­ցու­թիւն­նե­րու ղե­կա­վար­նե­րը: ­Պել­ճի­քա­յի ե­րես­փո­խա­նա­կան պա­տո­ւի­րա­կու­թեան Ար­ցա­խի մէջ ըն­կե­րակ­ցած է Հ.Յ.Դ. Եւ­րո­պա­յի ­Հայ ­Դա­տի ­Յանձ­նա­խում­բի նա­խա­գահ ­Գաս­պար ­Կա­րա­պե­տեան: