Print
Category: Հայաստան-Արցախ

Սեպ­տեմ­­բեր 18-20ին «Yerevan Expo» ցու­­ցա­­­հան­­դէ­­­սներու համա­լի­­րին մէջ տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ մի­­ջազ­­գա­­­յին 15րդ­ ա­ռեւտրա­­կան-ար­­դիւ­նա­­բե­րա­­կան ցու­­ցա­­­հան­­դէ­­­ս-­ֆո­­րու­­մը: «Armenia Expo 2015» կը հան­­դի­­­սա­նայ մեծ նա­­խա­ձեռ­­նու­թիւն ոչ միայն ­Հա­­յաս­­տա­­­նի, այ­լեւ ամ­­բողջ տա­­րա­ծաշր­ջա­­նին մէջ: Ա­նի­­կա մէկ յար­­կի տակ պի­­տի հա­­ւա­քէ տնտե­­սու­­թեան տար­­բեր ճիւ­­ղե­­­րը ներ­­կա­­­յաց­­նող հա­րիւ­րէ ա­ւե­­լի կազ­­մա­­­կեր­­պու­թիւն­ներ, ո­րոնք պի­­տի ցու­­ցադ­րեն տար­­բեր ապ­­րանք­ներ եւ ծա­­ռա­յու­­թիւն­ներ: Ար­­տա­­­սահ­­մա­­­նեան կազ­­մա­­­կեր­­պու­թիւն­նե­­րու հե­­տաքրք­րու­­թիւ­նը կը մեծ­­նայ ­Հա­­յաս­­տա­­­նի տնտե­­սու­­թեան տար­­բեր ո­լորտ­նե­­րու նկատ­­մամբ, իսկ այս ցու­­ցա­­­հան­­դէ­­­սը լաւ ա­ռիթ է նոր գոր­­ծա­­­րար կա­­պեր հաս­­տա­­­տե­լու հա­­մար:

­Հան­­դի­­­սա­նա­­լով տա­­րո­ւան ամ­­փո­­­փիչ եւ կա­­րե­ւո­­րա­գոյն ցու­­ցա­­­հան­­դէ­­­սը` «Armenia Expo 2015» ան­­նա­­­խա­դէպ է թէ՛ իր ընդգրկման ծա­­ւալ­­նե­­­րով, թէ՛ աշ­­խար­հագ­­րու­թեամբ, որ ան­­շուշտ իր դրա­­կան ազ­­դե­­­ցու­­թիւ­նը պի­­տի գոր­ծէ ­Հա­­յաս­­տա­­­նի տնտե­­սու­­թեան զար­­գաց­ման ա­ճի եւ մի­­ջազ­­գա­­­յին կա­­պե­րու ամ­­րապնդման գոր­­ծըն­թա­ցին վրայ: