1 Յունուարէն լեհական LOT օդանաւային ընկերութիւնը պիտի վերսկսի իրականացնել Վարշաւա-Երեւան-Վարշաւա թռիչքները՝ շաբաթը երեք անգամ։ Օդանաւը Վարշաւայէն Հայաստան պիտի գայ ամէն Երկուշաբթի, Չորեքշաբթի եւ Ուրբաթ օրերը, Երեւանէն պիտի մեկնի Երեքշաբթի, Հինգշաբթի եւ Շաբաթ օրերը:
Բանակցութիւններուն ընթացքին համաձայնութիւն գոյացած է այն մասին, որ ամրան շրջանին թռիչքներուն թիւը աւելի ըլլայ։ Յիշեցնենք, որ թռիչքներու վերակազմաւորման պատճառով, LOT 1 Յուլիսէն դադրեցուցած էր դէպի Երեւան թռիչքները։