Print
Category: Հայաստան-Արցախ

Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ ­Սերժ ­Սարգ­սեան նա­խան­ցեալ օր ըն­դու­նած է ­Պել­ճի­քա­յի խորհր­դա­րա­նա­կան պա­տո­ւի­րա­կու­թիւ­նը: ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գա­հի աշ­խա­տա­կազ­մի հա­սա­րա­կու­թեան եւ տե­ղե­կա­տո­ւու­թեան մի­ջոց­նե­րու հետ կա­պե­րու վար­չու­թե­նէն կը յայտ­նեն, թէ

ող­ջու­նե­լով հիւ­րե­րը եւ ա­նոնց այ­ցե­լու­թիւ­նը ­Հա­յաս­տան` հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գա­հը կա­րե­ւոր նկա­տած է միջ-խորհր­դա­րա­նա­կան դի­ւա­նա­գի­տու­թեան դե­րը միջ-պե­տա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու ամ­րապնդ­ման գոր­ծին մէջ:

­Նա­խա­գահ ­Սերժ ­Սարգ­սեան յոյս յայտ­նած է, որ ­Պել­ճի­քա­յի ե­րես­փո­խան­նե­րուն այ­ցե­լու­թեան յա­գե­ցած օ­րա­կար­գը ա­ւե­լի պի­տի սեր­տաց­նէ եւ նոր ո­րա­կա­կան հար­թու­թեան մը պի­տի տե­ղա­փո­խէ հայ-պել­ճի­քա­կան միջ-խորհր­դա­րա­նա­կան կա­պե­րը: ­Նա­խա­գա­հը ընդգ­ծած է, որ ­Հա­յաս­տա­նը պատ­րաս­տա­կամ է ա­ւե­լի ամ­րապն­դե­լու ­Պել­ճի­քա­յի հետ բա­րե­կա­մա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը, ո­րոնց կը նպաս­տեն նաեւ շարք մը կա­րե­ւոր հան­գա­մանք­ներ.- ­Պել­ճի­քան 100 տա­րի ա­ռաջ ա­պաս­տան տո­ւաւ ­Ցե­ղաս­պա­նու­թե­նէն փրկո­ւած մեր հայ­րե­նա­կից­նե­րուն, ո­րոնց սե­րունդ­նե­րը այ­սօր կը շա­րու­նա­կեն ապ­րիլ եւ ա­րա­րել այդ երկ­րին մէջ:

­Պել­ճի­քան, Եւ­րո­պա­կան ­Միու­թեան հիմ­նա­դիր ան­դամ ըլ­լա­լով, -Հ.Հ. նա­խա­գա­հի բա­ռե­րով- իր զար­գա­ցած տնտե­սու­թեամբ կրնայ լաւ օ­րի­նակ հան­դի­սա­նալ գրե­թէ նոյն­չափ տա­րածք ու­նե­ցող ­Հա­յաս­տա­նի հա­մար` բա­րե­փո­խում­նե­րու ի­րա­կա­նաց­ման ճամ­բուն վրայ: ­Նա­խա­գա­հի խօս­քով՝ ­Հա­յաս­տա­նի մէջ ­Պել­ճի­քա կ­՛ըն­կա­լո­ւի իբ­րեւ ու­սա­նե­լի զար­գաց­ման բնորդ:

­Նա­խա­գահ ­Սերժ ­Սարգ­սեան կա­րե­ւոր նկա­տած է, որ ­Պել­ճի­քա­յի խորհր­դա­րա­նա­կան­նե­րը ­Հա­յաս­տան այ­ցե­լած են մեր երկ­րին եւ ժո­ղո­վուր­դին հա­մար կա­րե­ւոր ժա­մա­նակ մը` ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան 100ա­մեա­կի տա­րին:

­Նա­խա­գա­հը բարձր գնա­հա­տած է 1998ին ­Պել­ճի­քա­յի ­Ծե­րա­կոյ­տին կող­մէ ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճա­նաչ­ման բա­նա­ձե­ւի ըն­դու­նու­մը, նաեւ կա­րե­ւոր նկա­տած է ­Յու­նի­սին վար­չա­պետ ­Շարլ ­Մի­շե­լի, իսկ մէկ ա­միս ետք` ­Ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րու ­Տան կող­մէ ­Ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը ճանչ­ցող բա­նա­ձե­ւի ըն­դու­նու­մը, ո­րուն ար­դիւն­քով ­Պել­ճի­քան ամ­բող­ջա­ցու­ցած է ճա­նաչ­ման հո­լո­վոյ­թը:

­Նա­խա­գահ ­Սերժ ­Սարգ­սեան բարձր գնա­հա­տած է բա­րե­կամ ­Պել­ճի­քա­յի հա­ւա­սա­րակշ­ռո­ւած դիր­քո­րո­շու­մը ­Լեռ­նա­յին ­Ղա­րա­բա­ղի տագ­նա­պին հար­ցով, որ հա­մա­հունչ է Եւ­րո­պա­կան ­Միու­թեան ընդ­հա­նուր մօ­տե­ցու­մին: ­Նա­խա­գա­հը ող­ջու­նած է խորհր­դա­րա­նա­կան­նե­րուն ցան­կու­թիւ­նը` այ­ցե­լե­լու ­Լեռ­նա­յին ­Ղա­րա­բա­ղի ­Հան­րա­պե­տու­թիւն եւ տագ­նա­պին մա­սին ա­նա­չառ տե­ղե­կու­թիւն­ներ ստա­նա­լու ան­մի­ջա­պէս տեղ­ւոյն վրայ` տես­նե­լով եր­կի­րը եւ յա­րա­բե­րե­լով ար­ցախ­ցի­նե­րուն հետ:

­Պել­ճի­քա­ցի խորհր­դա­րա­նա­կան­նե­րը ընդգ­ծած են, որ կա­րե­ւոր քա­նի մը հար­ցեր կը միա­ւո­րեն նաեւ զի­րենք՝ ­Պել­ճի­քա­յի տար­բեր մա­կար­դա­կի խորհuր­դա­րան­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը: Այդ հար­ցե­րուն շար­քին են 2015ին ի­րենց խորհր­դա­րան­նե­րուն մէջ ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճա­նաչ­ման ուղ­ղու­թեամբ ի­րա­կա­նա­ցո­ւած աշ­խա­տան­քը, ինչ­պէս նաեւ ­Լեռ­նա­յին ­Ղա­րա­բաղ այ­ցե­լե­լու միա­ցեալ ցան­կու­թիւ­նը: