Print
Category: Հայաստան-Արցախ

­Սու­րիոյ հիւ­սի­սը գտնո­ւող ­Քո­պա­նի քա­ղա­քին մէջ «Իս­լա­մա­կան Պե­տու­թեան» գրո­հա­յին­նե­րու ջար­դէն փրկո­ւած եւ ­Սեպ­տեմ­բեր 2ին Հ.Հ. սփիւռ­քի նա­խա­րա­րու­թեան ան­մի­ջա­կան նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ ու ա­ջակ­ցու­թեամբ ­Հա­յաս­տան տե­ղա­փոխուած ­Թով­մա­սեան­նե­րու ըն­տա­նի­քի 17 ան­դամ­նե­րը հանգ­րո­ւա­նե­ցան ­Հայ­րե­նի­քի մէջ:

Մտ­նե­լով ­Քո­պա­նի` ԻՊի գրո­հա­յին­նե­րը սպան­նած են քնա­ցած գիւ­ղա­ցի­նե­րը, այ­րած տու­ներ ու մար­դիկ: 43ա­մեայ ­Յով­սէփ ­Թով­մա­սեա­նին սպան­նած են 13ա­մեայ որ­դիին աչ­քին առ­ջեւ: ­Թով­մա­սեան­նե­րու գեր­դաս­տա­նի մնա­ցած ան­դամ­նե­րը (­Թով­մա­սեան 4 եղ­բայր­նե­րու ըն­տա­նիք­նե­րը, մէ­ջը ըլ­լա­լով` 11 ե­րե­խայ) հրաշ­քով կրցած են փրկո­ւիլ եւ հաս­նիլ սահ­ման: ­Թուրք սահ­մա­նա­պահ­նե­րը ըն­տա­նի­քին թոյլ  տո­ւած են մտնել ­Թուր­քիա եւ տե­ղա­ւո­րուիլ ­Սու­րու­ճի դպրո­ցի շէն­քին մէջ, ուր ըն­տա­նի­քը բա­զում դժո­ւա­րու­թիւն­նե­րով ապ­րած է 3 ա­միս:

­Նա­խա­րար Հ­րա­նոյշ ­Յա­կո­բեա­նի յանձ­նա­րա­րու­թեամբ նա­խա­րա­րու­թեան հա­մա­պա­տաս­խան ստո­րա­բա­ժա­նում­նե­րու աշ­խա­տա­կից­նե­րը, շա­հագր­գիռ կա­ռոյց­նե­րու հետ (Մ.Ա.Կ. ՓԳՀ, «­Հայ­կա­կան ­Կար­միր խա­չի ըն­կե­րու­թիւն», «Ա­ռա­քե­լու­թիւն ­Հա­յաս­տան» Հ.Կ., «­Հա­լէպ» հայ­րե­նակ­ցա­կան բա­րե­սի­րա­կան Հ.Կ., «Օքս­ֆամ»ի հա­յաս­տա­նեան մաս­նա­ճիւղ) քննար­կած են ըն­տա­նի­քի ­Հա­յաս­տան տե­ղա­փո­խո­ւե­լու տար­բե­րակ­նե­րը, ­Թով­մա­սեան­նե­րուն կա­ցա­րա­նով ա­պա­հո­վե­լու եւ այլ անհ­րա­ժեշտ ա­ջակ­ցու­թիւն տրա­մադ­րե­լու հար­ցե­րը:

Ա.Մ.Ն.ի մէջ Հ.Հ. սփիւռ­քի նա­խա­րա­րի խորհր­դա­կան ­Րաֆ­ֆի Արտ­հալ­ճեա­նի ֆի­նան­սա­ւոր­մամբ լու­ծո­ւած են ­Թով­մա­սեան­նե­րու ըն­տա­նի­քի ­Հա­յաս­տան տե­ղա­փո­խո­ւե­լու  ծախ­սե­րը:

 Ըն­տա­նի­քին ­Զո­ւարթ­նոց օ­դա­կա­յա­նին մէջ դի­մա­ւո­րած են Ս­փիւռ­քի նա­խա­րա­րու­թեան ­Մեր­ձա­ւոր եւ ­Մի­ջին Ա­րե­ւել­քի հայ հա­մայնք­նե­րու վար­չու­թեան պետ ­Լե­ւոն Ան­տո­նեան, «­Հայ­կա­կան ­Կար­միր Խա­չի ըն­կե­րու­թիւն», «Ա­ռա­քե­լու­թիւն ­Հա­յաս­տան» Բ.Հ.Կ., «­Հա­լէպ» հայ­րե­նակ­ցա­կան բա­րե­սի­րա­կան Հ.Կ. եւ մամ­լոյ ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ:  ­Թով­մա­սեան­նե­րու ըն­տա­նի­քը տե­ղա­ւո­րո­ւած է մայ­րա­քա­ղա­քի ­Սի­լի­կեան թա­ղա­մա­սին մէջ` յա­տուկ ի­րենց հա­մար ա­ռանձ­նա­ցո­ւած յար­մա­րա­ւէտ կա­ցա­րա­նի մէջ:

 Հ.Հ. սփիւռ­քի նա­խա­րա­րու­թիւ­նը, այլ կա­ռոյց­նե­րու հետ հա­մա­գոր­ծակ­ցե­լով, ձեռ­նա­մուխ  ե­ղած է 17 հո­գիէ բաղ­կա­ցած ­Թով­մա­սեան­նե­րու գեր­դաս­տա­նի կե­ցու­թեան խնդիր­նե­րու լուծ­ման: