Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան 8 Սեպտեմբերին Կրոտնոյի մէջ (Պիելոռուսիա) մասնակցած է Եւրասիական Տնտեսական Միութեան միջ-կառավարական խորհուրդի նիստին: Վարչապետին գլխաւորած պատուիրակութեան մաս կը կազմէին Հայաստանի փոխ-վարչա պետ, միջազգային տնտեսական համարկման եւ բարեփոխումներու նախարար Վաչէ Գաբրիէլեան, փոխ-նախարար Սուրէն Կարայեան եւ Հայաստանի արտաքին գործոց փոխ-նախարար Շաւարշ Քոչարեան:
Եւրասիական Տնտեսական Միութեան անդամ պետութիւններու վարչապետները քննարկած են համարկման փոխ-գործակցութեան առնչուող բազմաթիւ հարցեր: Կառավարութիւններու ղեկավարները հիմնականին մէջ քննարկած են Եւրասիական Տնտեսական Միութեան ծիրին մէջ արդիւնաբերական համագործակցութեան հիմնական ուղղութիւններուն, մեծ տնտեսական եւ ֆինանսական կայունութեան ապահովման, ծառայութիւններու միասնական շուկայի ձեւաւորման, արտասահմանեան երկիրներու եւ միջազգային կազմակերպութիւններու հետ յարաբերութիւններու զարգացման վերաբերող հարցեր:
Անդրադառնալով օրակարգային հարցերուն` Հայաստանի վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան իր խօսքին մէջ նշած է, թէ հայկական կողմը կ’աջակցի ընդունման նիստի օրակարգին վրայ ներառուած եւ համաձայնեցուած փաստաթուղթերու նախագիծերուն, որոնք կ՛ընդգրկեն Եւրասիական Տնտեսական Միութեան շրջանակներուն մէջ համագործակցութեան տարբեր մարզեր: Վարչապետը նշած է, որ Հայաստան կարեւոր կը նկատէ այն քայլերը, որոնք ուղղուած են արդիւնաբերական համագործակցութեան ընդլայնման եւ խորացման` Եւրասիական Տնտեսական Միութեան ծիրին մէջ: Այս պարունակին մէջ ընդգծելով Հայաստանի Հանրապետութեան հարուստ փորձառութիւնն ու մասնագիտացումը` Հայաստանի վարչապետը նշած է հայկական կողմին պատրաստակամութիւնը Եւրասիական Ճարտարագիտական Կեդրոնին համար հարթակ տրամադրելու հարցին մէջ: Յովիկ Աբրահամեան նաեւ կարեւոր նկատած է մեծ տնտեսական եւ դրամավարկային քաղաքականութեան իրականացման գծով փոխ-համաձայնեցուած փորձառութեանց փոխանակումը:
Եւրասիական Տնտեսական Միութեան միջ-կառավարական խորհուրդի նիստին, Հայաստանի վարչապետին առաջարկով որոշուած է յաջորդ նիստը գումարել Հայաստանի մէջ:
Յովիկ Աբրահամեան Առաջարկած Է Հրաժարիլ Տոլարէն
Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան Եւրասիական Տնտեսական Միութեան անդամ երկիրներուն առաջարկած է ռազմավարական ապրանքներու առեւտուրը կատարել ռուբլիով` հրաժարելով տոլարի կախուածութենէն: Այս մասին ան յայտարարած է պիելոռուսական Կրոտնօ քաղաքին մէջ տեղի ունեցած Եւրասիական Տնտեսական Միութեան երկիրներու վարչապետներու հանդիպման ընթացքին,- կը յայտնէ ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը: «Եւրասիական Տնտեսական Միութեան մէջ անհրաժեշտ է քայլերու ձեռնարկել ազգային դրամանիշով կատարուող փոխադարձ հաշուարկները արդիւնաւէտ դարձնելու եւ տոլարացումը կրճատելու ուղղութեամբ: Արդիական է նաեւ համաձայնեցուած մաքրոտնտեսական քաղաքականութեան իրականացման հարցին մէջ փորձի փոխանակումը: Այս ծիրին մէջ կարեւոր է ռազմավարական ապրանքներու փոխադարձ առեւտուրը, առանց տոլարին կապուածութեան, ռուբլիով կատարելու գաղափարը»,- ըսած է Հայաստանի վարչապետը: