Print
Category: Հայաստան-Արցախ

­Պաշ­տօ­նա­կան այ­ցե­լու­թեամբ Հա­յաս­տան գտնո­ւող Պել­ճի­քա­յի խորհր­դա­րա­նա­կան պա­տո­ւի­րա­կու­թիւ­նը 8 Սեպ­տեմ­բե­րին, Հա­յաս­տա­նի Ազ­գա­յին ժո­ղո­վի ար­տա­քին յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու մնա­յուն յանձ­նա­ժո­ղո­վի նա­խա­գա­հի տե­ղա­կալ Շի­րակ Թո­րո­սեա­նի ըն­կե­րակ­ցու­թեամբ, այ­ցե­լած է Ծի­ծեռ­նա­կա­բեր­դի յու­շա­հա­մա­լիր: Ե­ րես­փո­խան­նե­րը ծա­ղիկ­ներ զե­տե­ղած են 1915ի Մեծ Ե­ղեռ­նի յու­շար­ձա­նի ան­մար կրա­կին շուրջ եւ լռու­թեամբ ու խո­նար­հու­մով յար­գած են սուրբ նա­հա­տակ­նե­րուն յի­շա­տա­կը:

Պա­տո­ւի­րա­կու­թեան ան­դամ­նե­րը Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան թան­գա­րան-հիմ­նար­կին մէջ ծա­նօ­թա­ցած են հա­յոց մեծ ող­բեր­գու­թեան վե­րա­բե­րող փաս­տա­թուղ­թե­րուն եւ ցու­ցան­մոյշ­նե­րուն, ար­ձա­նագ­րած են յու­շա­մա­տեա­նին մէջ: Պ­րիւք­սէ­լի Ֆ­րան­սա­խօս խորհր­դա­րա­նա­կան­նե­րու ղե­կա­վար Ժիւ­լի տը Կ­րոթ նշած է, որ ի­րենք յա­ռա­ջի­կա­յին՝ այ­ցե­լե­լով Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բաղ,՝ ո­րոշ ա­ռա­քե­լու­թիւն ու­նին ի­րա­կա­նաց­նե­լիք:

«­Մենք միա­ցեալ ու­ժե­րով պէտք է ո­րոշ խնդիր­նե­րու լու­ծում­ներ գտնենք»,- ը­սած է ան։